«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի հանրահանաւաքին ընթացքին տարիներ առաջ վիրաւորական պաստառ օգտագործած նախկին թուրք զինուորականը Սահմանադրական դատարանի որոշումով տուգանք վճարած է:

Թրքական զինեալ ուժերու նախկին զինուորական Իպրահիմ Ալըջըն  վարչապետ Էրտողանի կազմակերպած հանրահաւաքներէն մէկուն ընթացքին բարձրացուցած էր «այստեղ գող կայ պաստառը», որուն համար ձերբակալուած եւ ծեծի ենթարկուած էր կառավարական թիկնապահներու կողմէ:

2015-ին Ալըջըն իրեն հանդէպ կիրառուած բռնութեան համար բողոքի դիմում կատարած էր Սահմանադրական դատարանին: Սակայն Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը նախկին աւագ զինուորականին նկատմամբ կիրառած էր 27.500 թրքական լիրա (մօտ 4.700 տոլար) վարչական տուգանք վճարելու որոշումը եւ անոր գործը ուղարկած է Օսմանիէի գլխաւոր դատախազութիւն:

Իպրահիմ Ալըջըն վերոնշեալ ցուցապաստառը բարձրացուցած էր 3 Մարտ 2014-ին: Անկէ ետք, Էրտողանի իւրաքանչիւր հանրահաւաքէն առաջ Ալըջըն կը ձերբակալուէր: Այն ատեն նախկին զինուորականը մեղադրուած էր պետական պաշտօնեային վիրաւորելու յանցանքով, սակայն դատարանը անոր անմեղ  գտած էր: