«Ակօս».-Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը մերժած է Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով որոշ պետական պաշտօնեաներուն դէմ մեղադրանքները հանելու դատարանի որոշման դէմ Տինքի փաստաբաններու դիմումը:

Տինքի փաստաբանները  2016–ին դիմած էին Սահմանադրական դատարան` Հրանդ Տիքնի սպանութեան գործով պետական պաշտօնեաներ Էրկիւն Կիւնկէօրի, Վելի Քիւչուքի եւ Քեմալ Քերինչսիզի հանդէպ  մեղադրանքները դատարանի կողմէն դէմ հանելու:

Սահմանադրական դատարանը մերժած է Տինքի փաստաբաններու դիմումը շեշտելով, թէ դատական գործընթացը տակաւին կը  շարունակուի:

Տինքի փաստաբանները կը պատրաստուին դիմումը տեղափոխել Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան: