«Երկիր».-2 Սեպտեմբերին Պաքուի մէջ սկսած են Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցող «Eternity-2019» հրամանատարա-շտապային վարժութիւնները:
Վարժութիւնները տեղի պիտի ունենան երկրին զինեալ ուժերու զինուորական վարժութիւններու կեդրոնէն ներս, ապա նաեւ դաշտային տարածքներու վրայ, ուր երեք երկիրներու զինուորականները պիտի իրականացնեն տարածաշրջանային կարեւոր նպատակակէտերու պաշտպանութեան համար առաջադրանքներ: Վարժութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ 6 Սեպտեմբեր: