«Երկիր».-Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 2 Սեպտեմբերին մասնակցած է Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 28-ամեակին նուիրուած տօնական նախաձեռնութիւններուն:
Նախագահ Սահակեան այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ծաղկեպսակ եւ ծաղիկներ զետեղած է Արցախի անկախութեան ու ազատութեան համար նահատակուած ազատամարտիկներու, Ազգային ժողովի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտիչեանի գերեզմաններուն վրայ:
Նախաձեռնութիւններուն մասնակցած են Արցախի Հանրապետութեան երկրորդ Նախագահ Արկատի Ղուկասեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան, ԱՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պետնախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, Արցախի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ներկայացուցիչներ սփիւռքէն եւ հիւրեր արտասահմանէն: