«Էրմէնիհապէր».-Թուրքիոյ սահմանին կուտակուած եւ Թուրքիա անցնիլ փափաքող սուրիացիները այդ երկրին դէմ բողոքի ցոյց կազմակերպած են: Ցուցարարները այրած են Էրտողանի նկարը ու վանկարկած են «Դաւաճան Թուրքիա» կարգախօսը:
Իտլիպէն արտագաղթած տասնեակ հազարաւոր սուրիացիներու բողոքի ցոյցին ընթացքին բախումներ տեղի ունեցած են թուրք ոստիկաններու հետ:
Ցոյցերու տեսագրութիւնները արագօրէն տարածուած են Twitter ընկերային ցանցին միջոցով: Թուրք օգտատէրերը, իրենց կարգին, հակադարձելով խիստ քննադատութիւններ կատարած են սուրիացիներու հասցէին` օգտագործելով #HainTürkiye հեշթէկը: