«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան յունական մամուլի ուշադրութեան կեդրոնը յայտնուած է:
Էրտողան մասնակցած է Թուրքիոյ Թուզլա քաղաքի ռազմական ուսումնարանի կազմակերպած նախաձեռնութեան, որուն ընթացքին շրջանաւարտներուն յանձնած է աւարտական վկայականներ:
Նախաձեռնութեան ընթացքին Էրտողան լուսանկարուած է պատէն կախուած քարտէզի կողքին, ուր էկէեան ծովին Յունաստանին պատկանող կղզիները ներառուած են ներկայ Թուրքիոյ Հանրապետութեան տարածքին մէջ: Սա բարկացուցած է յունական մամլոյ ներկայացուցիչները:
Ուշագրաւ է, որ քարտէսին մէջ Թուրքիոյ տարածքին մէջ ներառուած է նաեւ Քրիթոս կղզին:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ առկայ վէճ է Էկէեան ծովու շարք մը կղզիներու պատկանելիութեան հարցը: Առաջին անգամ չէ, որ Թուրքիոյ օդուժին պատկանող ռազմական ինքնաթիռները հատած են յունական սահմանը` փորձելով թափանցել յունական կողմը: