«Արմէնփրէս».- Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան հերքած է այն տեղեկութիւնը, որուն համաձայն ԱՄՆ կառավարութիւնը ՀՀ իշխանութիւններէն պահանջած է Սուրիայէն յետս կանչել մարդասիրական առաքելութիւնը:
Նաղդալեան Aysor.am-ի հարցումին ի պատասխան ըսած է.
«Մենք բազմիցս հերքած ենք այդ տեղեկութիւնը: Ներկայիս փորձ կը կատարուի պետական կառոյցին կողմէ հերքուած տեղեկութիւնը վերստին շրջանառութեան մէջ դնել, նոր մանրամասնութիւններով, որոնք նոյնպէս չեն համապատասխաներ իրականութեան, այդպիսով ձեւաւորելով քանի մը մասերէ բաղկացած կեղծ լուր: Սուրիոյ հայ համայնքի անվտանգութեան եւ տրամադրուող աջակցութեան առնչուող հարցերուն անհիմն շահարկումը նեղ անձնական շահերէ մեկնելով անընդունելի կը համարենք: Կ՛ուզեմ պարզապէս աւելցնել նաեւ, որ անվտանգութեան ոլորտի մէջ աշխատող գերատեսչութիւնները եւ անոնց ղեկավարները մշտական խորհրդակցութեան մէջ են տարբեր հարցերու շուրջ, որոնց մասին յաճախ անդրադարձ կը կատարուի այդ գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն կողմէ», յայտնած է Նաղդալեան: