«Երկիր».-Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ ազգայնամոլ հայեացքներով ուշադրութիւն գրաւող «Վաթան» («Հայրենիք») կուսակցութեան երիտասարդական թեւը Աթաթուրքի արձանին քով ցոյց կազմակերպած է: Ցոյցին ընթացքին կոչ եղած է հեռացնելու Հայաստանի Հանրապետութեան Շիրակի մարզի Մարալիկ քաղաքին մէջ տեղադրուած հայ վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեանի պղնձաձոյլ արձանը, որ զետեղուած է 22 Ապրիլ 2015-ին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով. հայ ականաւոր վրիժառուն իր ոտքերուն տակ ճզմած է Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչներէն Թալէաթ փաշայի գլուխը:
«Վաթան» Կուսակցութեան երիտասարդական ճիւղին՝ «Առաջամարտիկ Երիտասարդութեան» նախագահ Օզկիւր Պուրսալ յայտնած է. «Սա ատելութիւն պարունակող արձանը սադրանք է: Թուրք ազգը վիրաւորող այս արձանին դէմ պայքարը մենք հայրենիքին հանդէպ պարտք կը սեպենք»:
Ցոյցին ընթացքին երկրի նախագահին, ԱԳՆ ղեկավարին, կառավարութեան անդամներուն եւ քաղաքական ու հասարակական կուսակցութիւններուն կոչ ուղղուած է արձագանգելու այս պահանջին:
Ցոյցին մասնակիցները շարք մը հակահայկական արտայայտութիւններ բովանդակող պաստառներ պարզած են, օրինակ` «Ցեղասպանութիւն չենք գործած, հայրենիք պաշտպանած ենք», «Այս արձանը պէտք է ոչնչացուի. մէկ Թալէաթ կ’երթայ, հազար Թալէաթ կու գայ» եւ այլն:
Արձանի նիւթին անդրադարձած է նաեւ «Վաթան» Կուսակցութեան նախագահ, թուրք յայտնի ազգայնական, հայատեաց գործիչ, տխրահռչակ Տողու Փերինչէք, որուն հանդէպ քանի մը անգամ դատական գործ յարուցուած է՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելուն համար: