Թր­քա­կան «Bianet» թեր­թի թղ­թա­կից, լրագ­րող եւ վեր­լու­ծա­բան Սեր­տար Քո­րու­ջուն իր սիւ­նա­կին մէջ անդ­րա­դար­ձած է ամե­րի­կա­հայ մե­ծա­նուն գրող Ուիլի­ըմ Սա­րոյ­եա­նի կեան­քին ու գոր­ծու­նէ­ու­թեան:
Յօդ­ուա­ծին հե­ղի­նա­կը աշ­խար­հահռ­չակ գրո­ղին կեն­սագ­րու­թեան անդ­րա­դառ­նա­լով թիւ­րի­մա­ցու­թիւն մը թոյլ տուած է, որ, սա­կայն, որո­շա­կի տա­րա­ծում ու­նի թր­քա­կան շր­ջա­նակ­նե­րուն մէջ ընդ­հան­րա­պէս: Ըստ այդ տա­րած­ուած սխա­լին՝ Ուիլի­ըմ Սա­րոյ­եա­նի իս­կա­կան անու­նը Արամ է, իսկ մա­կա­նու­նը՝ Քա­րա­օղ­լան­եան: Յա­ռա­ջա­ցած շփո­թին պատ­ճա­ռը հա­ւա­նա­բար այն է, որ 1905-ին հայ­կա­կան կո­տո­րա­ծէն մա­զա­պուրծ Սա­րոյ­եան­նե­րուն ըն­տա­նի­քին հետ Պիթ­լի­սէն (Բաղէշ) ԱՄՆ-ի Քա­լի­ֆորն­իա նա­հանգ գաղ­թած են նա­եւ իր քե­ռի­նե­րուն՝ Քա­րա­օղ­լան­եան­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րը:
Քո­րու­ջու իր յօդ­ուա­ծին մէջ ու­շադ­րու­թիւն կը հրա­ւի­րէ Թուրք­իոյ մէջ «Սա­րոյ­եան» մա­կա­նու­նին առ­նչուող մէկ այլ տարա­կար­ծու­թեան մը վրայ եւս:
«Երբ 2-րդ հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մը աւար­տին հա­սաւ,- կը գրէ Քո­րու­ջու,- ԱՄՆ-ի հայ­կա­կան կո­մի­տէ­նե­րը իրենց պահանջ­նե­րը կը տա­րա­ծէ­ին աշ­խար­հով մէկ: «New York Times» թեր­թին մէջ եւս այդ նիւ­թով հրա­պա­րակ­ուած բաց նա­մա­կի մը մէջ կը պա­հանջ­ուէր ԽՍՀՄ-ին վե­րա­դարձ­նել Կար­սը եւ Ար­տա­հա­նը: Իսկ այդ նա­մա­կին տակ դր­ուած ստորագրութիւններուն մէջ «Սա­րոյ­եան» մա­կա­նու­նով ալ ստո­րագ­րու­թիւն կար»:
Քո­րու­ջու կը յի­շեց­նէ, որ այդ ժա­մա­նակ թր­քա­կան «Ճում­հուրի­էթ» թեր­թը 22 Յու­լիս 1945-ի իր հա­մա­րով գրած է, որ հան­րա­ծա­նօթ հայ գրող Սա­րոյ­եան նոյն­պէս ստո­րագ­րած է յիշ­եալ նա­մա­կին տակ: Սա­կայն ճշ­մար­տու­թիւնը պի­տի պարզ­ուէր աւե­լի ուշ: Այդ ստո­րագ­րո­ղը Ուիլի­ըմ Սա­րոյ­եա­նը չէր:
Յօդ­ուա­ծին հե­ղի­նա­կը կը վկա­յա­կո­չէ թուրք լրագ­րող Տո­ղան Նատիի՝ 31 Յու­լիս 1945-ին հրա­պա­րա­կած «Ամե­րի­կա­յի Մէջ Հայ­կա­կան Հար­ցին Էու­թիւնը» յօդ­ուա­ծը, ուր կը յիշ­ուի, որ նա­մակ ստո­րագ­րո­ղը Քա­լի­ֆորն­իոյ մէջ առեւ­տու­րով  զբա­ղող մէկ այլ Սա­րոյ­եան էր:
«Նա­տի կ’ըսէր, որ նախ կ’են­թադր­ուի, թէ Սա­րոյ­եան Ամե­րի­կա­յի մէջ սիր­ուած հայ գրո­ղը ըլ­լա­լու է, մինչ­դեռ «ենթադրո­ղը» այն թերթն էր, որ այդ նիւ­թը սխալ­մամբ Թուրք­իոյ օրա­կարգ բե­րած էր»:
Այ­նու­հե­տեւ կը նշ­ուի, որ Ուիլի­ըմ Սա­րոյ­եան այդ­պի­սի նա­մա­կի տակ ար­դէն իսկ չէր կր­նար ստո­րագ­րել, քա­նի որ այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ան ինք­նա­շար­ժի մը ար­կա­ծէն վի­րա­ւոր­ուած եւ հիւան­դա­նոց տե­ղա­փոխ­ուած էր:
Յայտ­նենք, որ  գրա­կան հա­րուստ ժա­ռան­գու­թիւն ձգած Ուիլի­ըմ Սա­րոյ­եա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը թարգ­ման­ուած են նա­եւ թր­քե­րէ­նի եւ տպագր­ուած «Արաս» հրա­տա­րակ­չա­տան կող­մէ:
Աղ­բիւր՝ Bianet.org 
Ermenihaber.am