Աւանդութեան համաձայն, եագուպիէցիք Ս. Աննայի ուխտի օրը կը տօնէին ամէն տարի Օգոստոս ամսու երկրորդ կիսուն՝ Ս. Յովակիմի եւ Ս. Աննայի Տօնին յաջորդող Կիրակին, Գիւտ Գօտւոյ Ս. Աստուածածնայ Տօնին:
Հակառակ Սուրիոյ քաղաքական պատերազմի աւերիչ իրականութեան, որ պատճառ դարձաւ 2013-ին Եագուպիէի ժողովուրդին տեղահանութեան, եագուպիէցիք չյուսահատեցան, այլ՝ շարունակեցին իրենց ուխտը յիշատակել Ս. Աննայի Տօնը Քեսապի եւ Հալէպի մէջ, ուր կայք հաստատեցին:
Արդարեւ, Կիրակի, 1 Սեպտեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Աննայի ուխտի օրուան առիթով Ս. Եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ եագուպիահայ եւ քեսապահայ հոծ բազմութեան:
Օրուան պատարագիչ քահանան՝ Տէր Նարեկ քհնյ. Զերէնցեանը, իր քարոզի աւարտին անդրադարձաւ Ս. Աննայի խորհուրդին եւ մաղթեց, որ յաջորդ տարի Ս. Աննայի ուխտը կատարուի ազատագրուած Եագուպիէի մէջ:
Այս առիթով Ս. Աննա եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի ատենապետ Գաբրիէլ Պիթար իր սրտի խօսքը արտասանեց: Ան սրտագին շնորհակալութիւններ յայտնեց Քեսապի ժողովուրդին, Գարատուրանի գիւղապետին եւ գիւղացիներուն, որոնք ազնուութեամբ եւ հիւրասիրութեամբ իրենց դռները բացին տեղահան եղած Եագուպիէցիներուն, ինչպէս նաեւ խորին շնորհակալութիւններ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդներուն, որոնք առիթ ընծայեցին 2014 թուականէն ի վեր Քեսապի մէջ Ս. Աննայի տօնի յիշատակութեան, նոյնպէս Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին, որ աջակից կը դառնայ կազմակերպական աշխատանքին:
Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգիստի ընթացքին, հարիսայի օրհնութիւնն ու բաշխումը կատարուեցաւ, ապա Քեսապի ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը ներկայացուց փունջ մը ազգային երգեր՝ տօնական մթնոլորտ ստեղծելով:
Թղթակից