Աշխատանքէ մը ետք դադարը մարդկային իրաւունք է։ Ոչ ոք կ’ուզէ առանց զբօսանքի գործել։ Հանգիստի ժամանակ յատկացնելով մարդը աշխատանքային ծանր վիճակէն դուրս կու գայ, մտատանջող եւ ուժ սպառող խօսակցական նիւթերէն հեռու կը մնայ եւ կրկին աշխատելու պատրաստ կ’ըլլայ։ Ուրեմն, զօսանքը միայն աշակերտին վերապահուած չէ, ամէն մարդ դադարի, հանգիստի եւ արձակուրդի կարիքը ունի։
Ամառնային արձակուրդը երկա՜ր զբօսանք է։ Ցանկալի եղանակ մը, որուն մասին մտածելն իսկ բաւարար է փոխադրուելու վարդագոյն երազներու աշխարհը։ Ժողովրդային առածը կ’ըսէ «Համրուած օրերը շուտ կը վերջանան»։ Այս խօսքին իրաւացի ըլլալը կը նկատուի ամառնային արձակուրդի վերջին օրերուն, երբ աշակերտը կ’ընդունի, որ երկար կարծած զբօսանքը կարճատեւ էր եւ ահա կանգնած է վերամուտի հանգրուանին։
Ամառնային արձակուրդի շրջանը ամէն մարդ ըստ կարելւոյն փորձեց լաւ անցընել։ Ընկերային հաւաքներու ներկայ գտնուողներ եղան, ոմանք պտոյտներու մասնակցեցան, ուրիշներ բանակումի անմոռաց օրեր եւ հաճելի պահեր ապրեցան, միաժամանակ նոր գիտելիքներով զինուեցան եւ նոր փորձառութիւն շահեցան։ Շատեր հաւանաբար ընտանեօք տեսարժան վայրեր այցելեցին եւ բնութեան հրաշալիքները վայելեցին։
Վերամուտի առիթով հիմա բոլորս աշխատանքի կը պատրաստուինք։ Կեանքը աշխատանքով կը համեմուի, իմաստ կ’ունենայ, արժէք կը ստանայ, պտղատու կ’ըլլայ, ապագայատեսիլ կը դառնայ, եւ կը պայծառանայ։
Աշխատանքը ապրելուն վաւերական արտայայտիչն է, նպատակ հետապնդելուն ուղին է եւ աստուածային շնորհքները աճեցնելուն երկարաշունչ ճիգն է։ Ուստի, լուրջ աշխատանքով յանձն առնելու ենք մեր պարտականութիւնները, ապահովելու համար գոհացուցիչ արդիւնքներ, աւելին՝ գրաւելու համար պատուաբեր դիրքեր։ Բան մը, որ ձգտումով կ’իրագործուի։ Ձգտում ունենալը երազներուն թռիչք կու տայ, գործին՝ եռանդ, յիշողութեան` պայծառութիւն, միտքին՝ զգաստութիւն, կամքին՝ անսպառ թափ, ակնկալիքներուն` յուսադրութիւն, ծրագիրներուն՝ յաջողութիւն եւ գիտելիքներու շտեմարանին հարստութիւն։ Ձգտումը աշխատանքին զօրութեան աղբիւրն է։ Բարիին, գեղեցիկին եւ կատարեալին ձգտիլը հաւատարիմ աշակերտին, ընտիր մշակին եւ մշտարթուն վերակացուին յատկանիշներէն է։
Աշխատանք եւ ձգտում։ Այս երկու բառերը ինքնաբուխ մղումով խորհրդածութեան նիւթ կը դարձնեմ։ Առանց աշխատանքի մեր առօրեան կը վերածուի մահուան մահիճի, գարշահոտ ճահիճի եւ անբնակ տարածութեան մէջ գտնուող լիճի։
Աշխատանք մը ձգտումով իր հետեւողականութիւնը կը պահէ։ Քրիստոս՝ մեր Տէրը ըսաւ. «Կատարեալ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է» (Մտ 5.48)։ Այս խօսքերով մեր փրկիչը կատարեալին ձգտելու հրաւէր տուաւ իր հետեւորդներուն։ Կատարեալին ձգտելով աշակերտը կը սորվի սխալը սրբագրել, ընթացքը վերատեսութեան ենթարկել, դասանիւթը ընկալել, ի պահանջեալ հարկին պրպտումներ կատարել եւ նոր գիտելիքներ ամբարելու համար ճիգ թափել։
Վերամուտին առիթով հայ դպրոցը գրկաբաց կ’ընդունի սիրասուն աշակերտները։ «Ալ վերջացաւ զբօսանք» երգը մանկապարտէզի տարիներուն շատ երգած ենք, հիմա եւս կ’արձագանգէ քաղցրահունչ թարմութեամբ, հայաշունչ առոգանութեամբ, աշխատելու եւ կատարեալին ձգտելու թելադրականութեամբ։
Թող 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանը Աստուծոյ օրհնութեամբ ըլլայ բարեյաջող, հեզասահ եւ անփորձանք։
Բարի գալուստ աշակերտներուն։
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան