Ուսումնակրթական դժուարութիւններ մեր առօրեայ մտահոգութիւններու շարքին առաջնահերթ տեղ կը գրաւեն։ Տիրող կրթական անբարենպաստ իրավիճակի հետեւանքով ծնողներ եւ զաւակներ հաւասարապէս ճգնաժամ կ’ապրին այսօր, թէ՛ ընտանեկան յարկերէ եւ թէ կրթօճախներէ ներս։
Պատասխանատու թէ ժողովրդային մակարդակներու վրայ յաճախ լսած ենք այդ տագնապը բնորոշող բազում տեսակէտեր, զորս կրթական նոր վերամուտի նախօրեակին պիտի փորձենք համառօտել ու ներկայացնել հետագայ առանցքային կէտերու մէջ։
– Աշակերտը կ’ապրի երկարաժամ, միապաղաղ եւ պարտասեցուցիչ գործունէութեամբ յատկանշուած դպրոցական անհանդուրժելի առօրեայ մը։ Անոր սպառիչ աշխատանքը կ’ընդգրկէ ամբողջ օրը՝ կը սկսի առաւօտ կանուխ եւ յետմիջօրէի կարճ դադարէ մը ետք կը շարունակուի մինչեւ ուշ երեկոյ։ Բեռնաւորուած օրը ան պարտաւոր է անցընել երկու դպրոցներու մէջ՝ կրթարանէն ներս եւ տունը, անընդհատ դիմակալելով ուսուցիչներու եւ ծնողներու անվերջանալի պահանջներն ու հետապնդումները, զրկուած խաղէ, հաճոյքէ եւ հետաքրքրութիւն առթող կամ ինքնագործունէութեան մղող որեւէ նախաձեռնութենէ։
– Այս զոյգ դպրոցներուն մէջ աշակերտին ուսուցումը կ’իրականանայ տարբեր, երբեմն հակոտնեայ եղանակներով։ Ուսուցիչներ կրթօճախէն ներս դասը կ’աւանդեն կերպով մը, մինչ ծնողներ կամ մասնաւոր դասատուներ նոյն դասը տան մէջ կը բացատրեն բոլորովին այլ ձեւով, տան եւ դպրոցի միջեւ համագործակցութեան եւ աշխատելաոճի ներդաշնակման բացակայութեան պատճառով։ Անշուշտ երկու պարագաներուն ալ երեխան կամ պատանին առհասարակ քիչ բան կ’ըմբռնէ, չըսելու համար, որ ոչինչ կը հասկնայ իրեն մատուցուածէն, բայց կ’ամչնայ ու կը վարանի այս ճշմարտութիւնը խոստովանելու, խուսափելով պախարակութենէ եւ վարկաբեկիչ խօսքերէ, որոնք անխնայօրէն պիտի շռայլուին իր հասցէին ուսուցիչներու եւ ծնողներու կողմէ։
– Աշակերտը եթէ յաջողութիւն արձանագրէ կամ բարձր թիւեր ու գնահատականներ ստանայ, ծնողներ կ’ուրախանան եւ յոխորտանքով կը յայտարարեն՝ թէ իրենց զաւակը ուշիմ, խելացի եւ ջանասէր է, ինչպէս որ իրենք էին։ Բայց որեւէ ձախողութեան կամ վատ արդիւնքի պարագային, անոնք կը դժգոհին, կը զայրանան, կը մեղադրեն եւ կրակ կը տեղացնեն զաւկին գլխուն՝ զայն որակելով բութ, ապուշ, ծոյլ, թուլակամ, անհոգ եւ անպատասխանատու, միանգամայն դրժելով ամէն կապ ու նմանութիւն անոր եւ իրենց միջեւ։
Արդեօք ինչպիսի՞ն է զաւակը, խելացի՞, թէ՞ ապուշ, մտացի՞, թէ՞ բութ, ջանասէ՞ր, թէ՞ ծոյլ…։
– Աշակերտը չի գիտեր ինչպէս սորվիլ կամ իւրացնել իր դասերը։ Կը սորվի քննութիւններու համար, լոկ յաջողելու նպատակաւ, գերազանց գնահատանիշեր ապահովելու ակնկալութեամբ, բայց ոչ ճշմարիտ գիտութեան տիրանալու ցանկութեամբ։ Իր պարտականութիւններն ու իրմէ պահանջուածը կը կատարէ առանց փափաքելու կամ սիրելու։ Այդ պատճառով ալ քննութիւններէ ետք կը մոռնայ իր սորվածներուն մեծամասնութիւնը։
– Դպրոցէն ներս աշակերտը զրկուած է կենսունակ եւ խրախուսիչ աշխատանքէ, շօշափելի փաստարկներով եւ գործնական միջոցառումներով յագեցած տպաւորիչ եւ կլանիչ ուսուցումէ։ Այնտեղ կը կիրարկուի տեսական, անհրապոյր, հրահրումէ եւ ստեղծագործութենէ զուրկ ընկալունակ դասաւանդութիւն։ Մարդոց, կենդանիներու, թռչուններու, ձուկերու, բոյսերու եւ շրջապատող բազմապիսի իրերու ու երեւոյթներու մասին բաւարար, համոզիչ, ապացուցուած եւ հետաքրքրական գիտելիքներ չեն ջամբուիր։ Վարժարանին կողմէ առաջարկուածը հազուադէպօրէն աղերսուած է կեանքին, առօրեային, ընթացիկ հիմնական կարիքներուն։ Ուսուցիչներու բացատրութիւններն ու լուսաբանութիւնները առհասարակ կը մնան աննիւթական, անշօշափելի, օդին մէջ նետուած վերացական արտայայտութիւններ, որովհետեւ անոնք կը փորձեն աշակերտին սորվեցնել միայն դասագիրքերու մէջ տեղ գտած սահմանափակ գիտելիքներ, առանց ընդարձակելու զանոնք, նաեւ առանց խորանալու կամ թափանցելու անոնց էութեան։
– Ո՛չ ուսուցիչներ եւ ոչ ալ ծնողներ ծանօթ են աշակերտին պահանջներուն, չեն ճանչնար անոր փնտռածը, անոր համար անհրաժեշտն ու օգտակարը, որովհետեւ ընդհանրապէս պատրաստուած եւ ատակ չեն ուսուցադաստիարակչական աշխատանքի։ Նաեւ բնաւ չեն փորձեր սեփական գիտելիքներն ու հնարաւորութիւնները զարգացնել, հարստացնել։
– Մեր կրթարաններու շաբաթական դասացոյցերուն մէջ թէեւ ընդգրկուած են երգի, երաժշտութեան, ձեռարուեստի, գծագրութեան եւ մարմնակրթանքի յատկացուած պահեր, սակայն դպրոցէն ներս աշակերտը երգել, նուագել կամ գծել, քանդակել չի սորվիր, ձեռարուեստը գրեթէ ջնջուած է իր ծրագրէն, իսկ մարմնամարզի դասերը կանոնաւոր եւ հետեւողական ընթացքով տեղի չեն ունենար։
– Անտանելի է աշակերտին վիճակը։ Այլեւս զզուած եւ յղփացած է առանց կամենալու անհասկնալի բաներ սորվելէ, յոգնած է ու խորշած՝ առանց մտածելու թութակի նման կրկնելէ իրեն համար անբովանդակ ու անօգտակար թուացող խօսքեր ու գիտելիքներ, զորս կը պարտադրուին անոր ուսուցիչներու եւ ծնողներու կողմէ։ Երէցներ համոզուած են, որ գիտելիքը կը դրոշմուի մարդու յիշողութեան մէջ անընդմէջ կրկնելով, եւ թէ՝ իրաւ ուսումը կը ստացուի մեծ ճիգերով, դժուարութեամբ, ցաւով ու տառապանքով միայն։ Մինչդեռ հաճոյքով եւ հեշտութեամբ ընկալուածն ու շահուածը կը նկատեն թոյլ, մակերեսային, անհաստատ եւ անհիմն գիտութիւն, որ դատապարտուած է դիւրութեամբ մոռցուելու։
– Դպրոցէն ներս գիտելիքներու եւ ծանօթութիւններու փոխանցումը կը կատարուի չորութեամբ, ոչ-գրաւիչ մեթոտով, մանկական աշխարհին խորթ մթնոլորտի մէջ։ Կիրարկուող ուսուցման եղանակները չեն խրախուսեր մանուկներու եւ պատանիներու մօտ նշմարուող որեւէ յուսադրիչ յատկութիւն կամ դրական վարքագիծ։ Հոն չենք հանդիպիր բծախդնիր եւ անաչառ արժեւորումներու, ապա առողջ եւ խթանիչ գնահատականներու։ Անհրաժեշտ ջանքեր չեն տարուիր աշակերտին թաքուն շնորհները, հակումներն ու ընդունակութիւնները յայտնագործելու, յետոյ զայն արդիւնարար եւ արարիչ աշխատանքի մղելու ուղղութեամբ։
– Մեր վարժարաններու ուսումնառութեան մէջ տիրող է խօսքը՝ միապաղաղ, ճապաղ բացատրողականութիւնը, որ կը յատկանշուի ուսուցիչին մենախօսութեամբ ու տիրակալութեամբ, իսկ աշակերտին կրաւորականութեամբ, ձեռնածալ ունկնդրութեամբ եւ թմբիրով։ Աշակերտին նկատմամբ հաւասարակշռուած, ազնիւ եւ հոգածու վերաբերումը կը պակսի, անոր անհատականութիւնը չի յարգուիր, առանձնայատկութիւնները նկատի չեն առնուիր, այլ շեշտուած կարեւորութիւն կ’ընծայուի մեծաքանակ գիտելիքներ թխելուն եւ կուտակելուն։
Վերեւ ընդգծուած մատնանշումները լուրջ մարտահրաւէրներ կը հանդիսանան, հրաւիրելով կրթական մարմիններ եւ պատասխանատուներ անյետաձգելիօրէն վերատեսելու ուսումնակրթական մեր կացութիւնն ու ամբողջ գործունէութիւնը՝ իր ծրագիրներով, դասաւանդման կերպերով ու միջոցառումներով, քննութիւններով, դաստիարակչական ուղղուածութեամբ ու մանաւանդ՝ ապագայ հեռանկարներով։
Խաչիկ Շահինեան