Կրկին վերամուտ է: Գիտելիքի, ուսման ու կրթութեան գործընթացը վերանորոգուող կեանքին հետ քայլ պահելու կարեւորագոյն միջոցն է:
Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութեան տնօրինումով, Սուրիոյ վարժարանները իրենց դռները բաց յայտարարեցին Սեպտեմբերի սկիզբը: Նկատելի է, որ վերջին տարիներուն հայկական կամ տեղական վարժարաններէն ներս վերամուտին աշակերտները ուրախ եւ հաճելի, տօնական մթնոլորտի մէջ դիմաւորելը սովորութեան սկսած է վերածուիլ: Ինչ որ բնականաբար դրական ազդեցութիւն կþունենայ աշակերտին վրայ:
Բաղդատելով քանի մը տասնամեակ առաջ որդեգրուած դաստիարակչական ձեւերուն հետ, ակներեւ է, որ կրթական հաստատութիւններուն մէջ մեծ աշխատանք կայ գիտելիքի ընկալման համար ուրախ եւ առողջ միջավայր ստեղծելու անհրաժեշտութեան ուղղութեամբ:
Թէեւ Հալէպի մէջ մեծաթիւ դպրոցներ վնասուեցան, աշակերտութեան թիւը նօսրացաւ, սակայն կրթական կեանքը անխափան մնաց:
21-րդ դարուն գիտելիքները այնքան արագ ու դիւրին միջոցներով հասանելի կը դառնան, որ ակնթարթի մը մէջ ահագին բան կրնայ իմանալ աշակերտը: Պահ մը կը խորհիմ, թէ դպրոցը որքա՜ն գրաւիչ եւ ազդու պէտք է ըլլայ աշակերտին համար, որ ան առանց ձանձրոյթի, ուրախութեամբ եւ հաճոյքով պատրաստ ըլլայ ընկալելու հրամցուածը:
Թէ ի՞նչ է աշակերտին դպրոցէն ակնկալածը ընդհանրապէս, ծնողներուն երազանքը ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ, պէտք է նկատի ունենալ անպայման:
Ամրան կարճատեւ արձակուրդէ մը ետք, աշակերտները ուրախութեամբ կը դիմաւորեն ուսումնական տարեշրջանի մը սկիզբը: Նախապէս աշակերտները կարօտի յուզումնախառն զգացումներով իրենց ընկերներուն միանալու ուրախութիւնը կþապրէին: Սակայն օրերս այս մէկը տարօրինակ կը թուի ըլլալ, երբ հաղորդակցութեան արդիական միջոցները իրենց կապը անքակտելի պահած են նոյնիսկ արձակուրդի օրերուն:
Դպրոցը էական դեր ունի աշակերտի կեանքին մէջ: Իր դողդոջ քայլերով սկսած մանկապարտէզի օրերէն մինչեւ երիտասարդութեան տարիք թեւակոխելը, զանազան փուլերէ անցնելով, ան կը պատրաստուի կեանքի լայն ասպարէզ մուտք գործելու:
Իսկ ծով գիտելիքներու աշխարհին մէջ ի՞նչ է ուսուցիչին դերը:
Ուսուցիչը պիտի ըլլայ այն միջոցը, որմէ պիտի օգտուի աշակերտը՝ բանալու գիտութեան լայն դարպասները: Ուսուցիչը պիտի օգնէ անոր, որ նպատակին հասնի: Մշտապէս ըլլալով աշակերտին կողքին պիտի սորվեցնէ, թէ ինչպէս պիտի դիմակայէ ծառացող դժուարութիւններն ու դէպի լաւը պիտի ձգտի:
Որքան ալ աշակերտին տարիքը յառաջանայ, ուսուցիչը իրեն համար օրինակելի տիպար մը կը մնայ: Հետեւաբար, որքան ալ արտաքին թէ ընտանեկան ճնշող պայմանները կլանեն ուսուցիչը, ան դասարանէն ներս դրական մթնոլորտի մը մէջ, ժպտադէմ պիտի փորձէ թափանցել նուրբ հոգիներէն ներս, ուրախ տրամադրութեամբ գիտելիք ներմուծելով անոնց տակաւ զարգացող մտքին մէջ:
Աշակերտին ուսումնական կեանքին մէջ մեծ դեր ունի ծնողք-ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերական դրուածքը նաեւ:
Ուստի, ուսուցիչներս կոչուած ենք նախանձախնդրութեան, բծախնդրութեան եւ զգօնութեան բարձրագոյն պատասխանատուութեամբ յառաջ տանելու կրթադաստիարակչական գործը մեր վարժարաններէն ներս:
Այսօրուան մեր աշակերտութիւնը վաղուան մեր համայնքին տէրն ու տիրականն է: Որքան ալ տարողունակ ըլլան մեր առօրեայ մտահոգութիւնները, հարցերը, երբեմն նոյնիսկ անլուծելի, փորձենք մեր աշակերտներուն համար խաղաղ ու զարգացման նպաստող միջավայր ստեղծել:
Չկայ ծնողք մը, որ լաւագոյնը չի ցանկար իր զաւկին:
Այնուամենայնիւ, սիրելի՛ ծնողներ,
Եկէք, պահ մը յիշենք, որ մեր զաւակները իրենց ծնած առաջին օրէն անկախ նկարագիր եւ կազմուածք ունին: Ուստի կարելի չէ մեր անկատար տենչերը անոնց միջոցով իրականացած տեսնելու համար բեռնաւորել զիրենք եւ ակնկալել որ անոնք իրականացնեն մեր բոլոր տենչերը:
Մեր աշակերտները մեր աչքի լոյսն են, եթէ անոնք ճիշդ ուղի չառաջնորդուին՝ կրնան խամրիլ եւ անօգտակար տարրեր դառնալ մեր ընկերութեան մէջ:
Ուրեմն առիթ տանք, որ անոնք անկախ զարգանան, իրենց երազանքի ճամբան իւրովի յայտնաբերեն:
Յոյսով առաջնորդուինք, աշխատանքով գօտեպնդուինք ու մաղթենք, որ 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանը բոլորիս համար յաջող, հեզասահ եւ նորարարութեամբ լեցուն բեղմնաւոր տարի մը ըլլայ:
Բարի Վերամուտ:
Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբոշեան