Կեանքիդ ընթացքին, որեւէ պահու, որեւէ բան ըրած ատեն, օր մը, տեղ մը, ծնողքդ անպայման ընդհատեր է ըրածդ՝ համոզել փորձելով, որ «իրենց ատեն» այդպէս չէր, թէ իրենք աւելի ատակ էին այդ մէկը ընելու, թէ «հիմակուան սերունդ»ին ձեռքէն բան չի գար եւ թէ ան թոյլ է ու ապիկար։
Կը սկսին պատմութիւններ պատմել իրենց դպրոցական օրերէն, կենդանի օրինակներ կու տան, թիւեր ու թուականներ, որոնց չափազանցուած ըլլալուն կ’անդրադառնաս երբեմն ու կը մտմտաս՝ «Լա՜ւ, այսքան ալ չէ՜»։
Բայց, ըստ երեւոյթին, այս մէկը լոկ «մեր» եւ «իրենց» սերունդին հարցը չէ։
Անցեալ շաբաթ սկսայ Մալխասի «Զարթօնք»ը ընթերցել։ Հեղինակը այնպիսի ոճով ու դէպքերու հետաքրքրական նկարագրութեամբ գրած է վէպը, որ ընթերցողը առանց ժամերու թաւալումը զգալու կը լափէ գիրքին էջերը։
Վէպին գունաւորումը, բազմատեսակ տիպարները ընթերցողին հետաքրքրութիւնը կը շարժեն։
Բայց ի՞նչ կապ ունի նախաբանի գրածս այս գիրքին հետ։
Ահա թէ ո՛ւր է այն կապը…
Վէպին մէկ բաժինին մէջ վաթսունչորս հոգինոց զինեալ խումբ մը Պարսկաստանէն ուղղուելով դէպի Երկիր, հետիոտն ճամբայ կ’ելլէ Գէորգ անունով գործիչի մը ղեկավարութեամբ։
Խումբը հեզասահ ընթանալու եւ աչքի չզարնելու համար տասնեակներու կը բաժնուի ու վեց տասնապետներ կը նշանակուին։
Խումբը կը պաշարուի եւ պարէնը կը սպառի ու կը ստիպուի երեք օր առանց չոր հացի պատառ մը ուտելու կամ կաթիլ մը ջուր խմելու անցնիլ լեռներ ու ձորեր։
Այդ խումբի տասնապետներէն մէկն էր Ուրանցցի Յակոբը։ Ահա թէ ի՛նչ կը գրէ Մալխաս անոր մասին.
«Յակոբը Կարճկանի Ուրանց գիւղի հին յեղափոխական մ’էր, բազմաթիւ կռիւներու մասնակցած։ Տարիներ շարունակ, որպէս յեղափոխական զինուոր, ոտքի տակ տուած էր Վասպուրականը։ Խիստ ու բարկացկոտ մարդ մ’էր Յակոբը, հին զինուոր մը, որ տարիներու չարքաշ կեանքին մէջ եփուած, ոչ յոգնիլ գիտէր եւ ոչ ալ կ’ուզէր հասկնալ, թէ ինչո՞ւ համար խումբի առոյգ երիտասարդները հազիւ քանի մը քայլ առած՝ շուտով կը յոգնէին…»։
Յակոբ զինուորներէն վրդոված կը մօտենայ Գէորգին ու կ’ըսէ.
«Զինուոր չեն, կոռատա են [կատուի տեսակ], մէրերնին գաթայով մեծցուցեր է էս լակոտները… Մեր վախտը, ամէն մէկ զինուոր երեք հարիւր փամփուշտ կը կապէր վրան, հալա չանթայի մէջ եղածն ալ զատ…Է՜ն ատենները զինուոր լինելը մարիֆաթ էր…»։
Դէպքը կը պատահի 1900-ի սկիզբը, դար մը եւ երկու տասնամեակ ալ առաջ։
Նո՛յն միտքը…«Երէցը աւելի ատակ է»։ Իր ժամանակ աւելի փշոտ էր ճանապարհը, ինք աւելի յանդուգն եւ ա՛լ աւելի դիմացկուն էր։
Բայց կեցէ՜ք…
Մե՞նք քիչ բան տեսանք։
Մե՞նք քիչ զրկուեցանք։
Պատերազմ, զրկանք եւ տանջանք…
Չէ՜, անարդարութիւն չե՛նք թոյլատրեր, մենք ալ պիտի շարունակենք «Աս հիմակուան սերունդը…» ըսելաձեւով դիմել մեզի յաջորդող սերունդին, որպէսզի արդար ժառանգորդները ըլլանք մեր նախնիներուն։
«Երթալով կը թուլանայ սերունդը», իսկ յետադարձ հայեացքով կրնանք ըսել որ նախկինը աւելի ժիր էր ու աւելի դժուար պայմաններու մէջ։ Այս մտածումներով տարուած կը համոզուիմ, որ Տորք Անգեղը, Սասունցի Դաւիթը, Հայկ Նահապետը ու մինչեւ իսկ Վահագնը կը դադրին առասպելական տիպարներ ըլլալէ ու կը դառնան մէկական իրականութիւն, իսկ անոնց վերագրուած «գերբնական» ուժը այլեւս կը դառնայ բնական, քանի որ իրենց «վախտը» ուրիշ էր։
Քրիստ Խրոյեան