Ո՞վ Կ’արձանագրէր Առասպելները
Գիրը մարդ արարածին մեծագոյն գիւտերէն մէկն է: Անոր գիւտը անկիւնադարձային կէտ մը եղաւ մարդկային պատմութեան մէջ։ Երբ մարդ արարածը ունեցաւ խօսքը գրաւոր ձեւով փոխանցելու ունակութիւնը, դէմ յանդիման գտնուեցաւ իրեն փոխանցուած բանաւոր աւանդը արձանագրելու եւ զայն յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու հրամայականին առջեւ։ Թէ ինչպէ՛ս մարդ արարածը սկսաւ գրել՝ երկար պատմութիւն է, սակայն այսօր մենք գիտենք, որ սեպագիր առաջին այբուբենը գտնուած է այժմու Սուրիոյ տարածքի Օկարիթ հնագիտական կայքին մէջ։ Յստակ է, որ Միջերկրական ծովուն արեւելքն ու Միջագետքը եղած են մարդկային քաղաքակրթութեան հնագոյն կեդրոններէն։ Այս տարածաշրջանին մէջ ցարդ յայտնաբերուած են տասնեակ հազարաւոր կաւէ սալիկներ, որոնց վրայ արձանագրուած սեպագիր գրութիւնները կը վաւերագրեն իրենց ժամանակի կենցաղն ու ապրելակերպը։
Զանազան հնագիտական վայրերու մէջ գտնուած են հսկայական գրադարաններ, ուր պահուած սալիկներէն մաս մը մեր առջեւ կը բանան առասպելներու հրաշալի աշխարհը, անոնց միջոցաւ կը ծանօթանանք հնագոյն աստուածներուն եւ մարդկային մտքի առաջին թռիչքներուն։ Սակայն այլ սալիկներ ունին աւելի կենցաղային ու վաւերագրական բնոյթ, ինչպէս՝ ժամանակագրական արձանագրութիւններ, խաղաղութեան դաշինքներ, նոյնիսկ վաճառականներու «հաշիւի տետրակ»ներ։ Այսքան ընդարձակ գրականութիւն անշուշտ որ ունեցած է զինք ծառայողներ, որոնք նուիրուած էին ստեղծագործական ու ընդօրինակութեան աշխատանքներուն։ Հնագոյն ժամանակներու գրիչները յաճախ կը մնային անանուն: Անոնք կը բաւարարուէին սալիկին աւարտին յիշելով, թէ ո՛ր թագաւորին օրօք կատարուած է ընդօրինակութիւնը եւ ինչ է աղբիւրը։ Գրիչները քուրմեր ու ազնուական դասակարգի մարդիկ էին, որոնք կարողութիւն ունէին դպրոց յաճախելու։
Այո, այսքան ընդարձակ գրականութիւն, բնականաբար կ’ենթադրէ դպրոց, ուր կը դասաւանդուէր այդ բոլորը։ Բարեբախտաբար հնագիտական զանազան վայրերու, ինչպէս Նինուէի հռչակաւոր գրադարանին մէջ, գտնուած են սալիկներ, որոնց հեղինակները կը նկարագրեն իրենց դպրոցական առօրեան։ Եկէք միասին ակնարկ մը նետենք Քա. Գ. հազարամեակի դպրոցներուն վրայ, յագեցնելու մեր հետաքրքրութիւնը եւ իմանալու, թէ ինչպիսի՛ կրթութիւն կը ստանային այն մարդիկը, որոնք արձանագրած են մեծագոյն առասպելներն ու դիւցազնավէպերը։ Շումերական շրջանէն մեզի հասած է սալիկ մը, որ կը կրէ «Ո՛վ Պատանի, Ո՞ւր Կ’երթայիր Երբ Փոքրիկ Էիր» վերնագիրը։ Բնաբանը երկխօսութիւն է գրողին եւ դպրոցականի մը միջեւ եւ կը սկսի նոյն նախադասութեամբ։ Գրողը կը հարցնէ պատանիին, թէ ո՞ւր կ’երթար, երբ փոքր էր, ան կը պատասխանէ, որ դպրոց կը յաճախէր, իսկ երբ գրողը կը հարցնէ դպրոցական առօրեային մասին, մեր առջեւ կը պարզուի պատկեր մը, որ այնքան ալ տարբեր չէ այսօրուան դպրոցական առօրեայէն։ Այսպէս՝ մեր աշակերտը կը պատասխանէ.
«Ճաշէն ետք սալիկը գոց սորվեցայ, յետոյ բերին նոր սալիկ մը, որպէսզի ընդօրինակեմ վարժութիւններու սալիկին վրայ։ Դպրոցէն ետք վերադարձայ տուն, ուր հայրս նստած էր։ Ան նայեցաւ վարժութիւններու սալիկիս եւ գոց սորվածս ըսի հօրս, որ շատ ուրախացաւ»։ Ապա աշակերտը կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս տան ծառաները զինք կը ծառայեն եւ թէ ինչպէ՛ս յաջորդ առաւօտ մայրը իրեն երկու բաղարջ հաց տալով, կրկին դպրոց կը ղրկէ, ուր այս անգամ կը հանդիպի շարք մը ձախողութիւններու. «Ուսուցիչս կարդաց սալիկս եւ ըսաւ. «Կարգ մը բառեր մոռցած ես», եւ զարկաւ գաւազանով։ Կոկիկութեան պատասխանատուն ըսաւ. «Ճամբան կը խաղայիր եւ տարազդ թափթփած է» եւ զարկաւ գաւազանով։ Հանդարտութեան պատասխանատուն ըսաւ. «Ինչո՞ւ առանց հրամանի կը խօսիս» եւ զարկաւ գաւազանով։ Հաւաքի պատասխանատուն ըսաւ. «Ինչո՞ւ հաւաքի ատեն թոյլ կը կենաս» եւ զարկաւ գաւազանով։ Կարգապահութեան պատասխանատուն ըսաւ. «Ինչո՞ւ առանց հրամանի տեղէդ կ’ելլես» եւ զարկաւ գաւազանով։ Դրան պատասխանատուն ըսաւ. «Ինչո՞ւ առանց հրամանի դուրս կ’ելլես» եւ զարկաւ գաւազանով։ Գաւազանի պատասխանատուն ըսաւ. «Ինչո՞ւ» եւ զարկաւ գաւազանով։ Շումերէնի ուսուցիչը ըսաւ. «Ինչո՞ւ մաքուր շումերէն չես խօսիր» եւ զարկաւ գաւազանով։ Գիրի ուսուցիչը ըսաւ. «Գիրդ աղտոտ է» եւ զարկաւ գաւազանով։ Այսպէս ատեցի դպրոցը սկսայ անտեսել պարտականութիւններս, ուսուցիչս սկսաւ ինձմէ դժգոհիլ եւ այլեւս փափաք չունէր ինծի սորվեցնելու գրչութեան արուեստը»։ Յուսահատ աշակերտը կը դիմէ հօրը եւ կ’առաջարկէ ուսուցիչը հրաւիրել իրենց տունը, պարզաբանելու համար կացութիւնը։ Այդպէս ալ կը պատահի։ Երբ ուսուցիչը կ’այցելէ մեր աշակերտին տունը, անոր ներկայութեան հայրը կը խնդրէ աշակերտէն վերարտադրել դպրոցը սորվածները։ Աշակերտը ճարտարութեամբ կը վերարտադրէ բոլոր սորվածները եւ կ’արժանանայ հօր գնահատանքին, իսկ ուսուցիչը կ’ըսէ. «Քանի որ բոլոր խօսածներս լսած ես եւ ականջ դրած խօսքերուս, ուրեմն պիտի շարունակեմ քեզի դասաւանդել։ Թող Նիպատա դիցուհին (գրչութեան դիցուհին) քու պաշտպանդ ըլլայ։ Թող ըլլաս լաւագոյն գրողը եւ վարժութիւններդ ըլլան անթերի։ Թող ընկերներուդ մէջ ըլլաս լաւագոյնը, աւարտողներուն առաջինը եւ արժանանաս բոլորին յարգանքին։ Պիտի աւարտես ուսումդ յաջողութեամբ եւ ըլլաս գիտութեան մարդ։ Թող քեզ միշտ իր հովանիին տակ առնէ Նիպատան եւ փառաբանուի անոր անունը»։
Այս հետաքրքրական արձանագրութիւնը բաւական բան կը բացայայտէ այդ ժամանակներու դպրոցներուն եւ ուսումնական համակարգին մասին։ Սակայն որքան նմանութիւններ կան այսօրուան աշակերտին առօրեային եւ դիմագրաւած մանկավարժական հարցերուն հետ։ Աշխատասէր աշակերտը խրտչած էր դպրոցէն՝ ուսուցիչներու անտեղի խստութեան պատճառով, բայց հօր միջամտութեամբ կը վերագտնէ իր սէրը ուսման հանդէպ։ Սակայն այլ սալիկի մը հերոսը այնքան ալ բարեյաջող աւարտ չ’ունենար։ Հոս պիտի գտնենք նախորդին հակապատկերը՝ ծոյլ աշակերտին առօրեան։ Նախորդ սալիկին պէս հոս ալ գրութիւնը կը սկսի հարցումով, բայց այս անգամ հայրն է, որ կը հարցնէ զաւակին, թէ ո՞ւր կ’երթայ, սակայն զաւակին պատասխանը բաւարարեցնող չէ։ Երկխօսութենէն կը պարզուի, որ այս պատանին, առտու դպրոցական պայուսակը առած կ’ուղղուի դպրոց, բայց փոխարէնը կը պտտի հրապարակը եւ ժամանակ կը վատնէ, իսկ երբ դպրոց երթայ՝ ուսուցիչներուն հարցումներուն չի կրնար պատասխանել։ Այնուհետեւ կը գտնենք հօր բարկութեան արտայայտութիւնները.
«Ո՛վ անառակ որդի, ամբողջ ժամանակս կը վատնեմ վրադ հսկելով։ Ընկերներուս հարցուցի եւ անոնցմէ ոչ մէկուն զաւակը քեզի պէս է։ Մտահոգ եմ քեզմով, իսկ դուն այնքան կը գանգատիս, որ այլեւս ես դժգոհ եմ քեզմէ, որովհետեւ դուն քու վիճակդ բարելաւել չես ջանար։ Չձգեցի որ եղէգներ շալկես, ինչպէս մեծերն ու փոքրերը կը շալկեն։ Չպահանջեցի որ քարաւանիս հետ քալես եւ չղրկեցի քեզ արտին մէջ աշխատելու։ Ոչ մէկ օր քեզմէ պահանջեցի ապրուստի համար աշխատիլ։ Ահա՛, տարեկիցներդ կ’աշխատին եւ իրենց ծնողներուն կ’օգնեն, որքան կը փափաքէի որ անոնց պէս ըլլայիր։ Անոնց ծնողները զիրենք աշխատանքի մղեցին, բայց ես այդ մէկը չըրի։ Գիշեր ու ցերեկ քու պատճառովդ կը տառապիմ, իսկ դուն գիշեր ու ցերեկ անբան կը պտտիս փողոցները»։
Առասպելներու աշխարհէն այս կարճ դադարը առինք, նախ անդրադառնալու այն համակարգին, որ նուիրուած էր անմահացնելու մեր սիրելի առասպելներն ու վէպերը, ապա նաեւ յիշելու տարուան այս բարեբեր ժամանակը՝ դպրոցական վերամուտը։ Ընթերցելով մեզմէ հինգ հազար տարի առաջ ապրած աշակերտներուն առօրեան, կ’անդրադառնանք, թէ որքան անփոփոխ է մարդկային բնոյթը, որքան նման էր անոնց կեանքը մեր այսօրուան կեանքին եւ ուրեմն որքան այժմէական կը մնան անոնց արծարծած վերնագրերը։
Բարի վերամուտ բոլորին։
Յուշիկ Ղազարեան