10 Սեպտեմբերէն սկսեալ Արցախի դաշնակցական կառոյցը պաշտօնական բանակցութիւններ պիտի սկսի քաղաքական այլ ուժերու հետ` նախագահի միասնական թեկնածու ունենալու համար: Yerkir.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին Արցախի խորհրդարանի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան ըսաւ, որ բանակցութիւնները առաւելագոյնը մէկ ամիս կը տեւեն: Եթէ միասնական թեկնածուին համար համաձայնութեան չհասնին, Դաշնակցութիւնը նախագահի ընտրութիւններուն կը մասնակցի սեփական թեկնածույով, որ կրնայ դաշնակցական ըլլալ կամ չըլլալ:

Արմէն Սարգսեան շեշտեց, որ խօսքը միութեան թեկնածուի մասին չէ. միասնական ըլլալը այլ է` համաձայուած թեկնածու, որ կրնայ  փոքր ուժի ներկայացուցիչ ըլլալ, բայց ընտրուած չափանիշներուն աւելի համապատասխանիլ, քան մեծ ուժի ներկայացուցիչը, այդ պատճառով  կիրառած են «միասնական» բառը:

Ընդունելի թեկնածուի չափանիշները յստակ են եւ հաստատուած են Արցախի Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէին կողմէ` արդար, հայրենասէր մարդ, որ խոր յարգանք եւ հեղինակութիւն ունի ժողովուրդին մէջ: Դաշնակցութիւնը նաեւ առաջարկած է, որ այլ կուսակցութիւններու հետ ինչ նիւթերով բանակցութիւններու մէջ պիտի  մտնէ. առաջինը  անվտանգութիւնն է, ապա` ներքին արդարութիւն եւ անզիջում պայքար փտածութեան, կաշառակերութեան դէմ: «Որովհետեւ եթէ շատ բարձր մակարդակով  չըլլայ ներքին արդարութիւնը, պիտի խախտէ նաեւ ազգային անվտանգութեան գործի կազմակերպումը», ըսաւ Արմէն Սարգսեան:

Եթէ քննարկումները արդիւնք չտան, Դաշնակցութիւնը նախագահի թեկնածու պիտի առաջադրէ իր կազմէն: Արմէն Սարգսեան յայտնեց, որ առնուազն 4 թեկնածու ունին, բայց անունները առայժմ պիտի չյիշէ, որովհետեւ, անոր համաձայն, նախագահի պաշտօնը Դաշնակցութիւնը չի դիտեր որպէս նպատակ եւ ռազմավարութիւն, այլ որպէս մարտավարութիւն: Նախագահը ինքը պէտք է ամենամեծ ծառայութիւնը մատուցէ ժողովուրդին:

Արցախի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը ակնարկեց. «Նախագահը մեզի համար չընտրուիր, որ արտօնութիւններէն օգտուի, մեզմէ ով որ ալ  նախագահ ընտրուի, միեւնոյնն է` մենք խումբով պիտի աշխատինք»,  :