«Ակօս».-Վանի Ախթամար կղզիի Սբ.Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Կիրակի օր՝ 8 Սեպտեմբերին, տեղի պիտի ունենայ ուխտագնացութիւն՝ Խաչվերաց տաղաւարի տօնին առիթով:

Թուրքիոյ Մշակոյթի Նախարարութեան թոյլտուութեամբ` ամէն տարի այստեղ պատարագ  մատուցուած է, սակայն 2015-2018-ին չէր արտօնուած` անվտանգութեան պատճառաբանութեամբ: Արարողութեան պիտի նախագահէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի տեղապահ Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան: