«Ապառաժ».- Շուշիի քաղաքապետի թեկնածու Սամուէլ Աղաջանեանի 4-5 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած քաղաքացիներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին յարուցած հարցերէն են՝ խաղահրապարակներու կառուցում, շէնքերու շքամուտքերու բարեկարգում, աղբանահանութեան կարգաւորում եւ ապաստարաններու պայմաններու բարելաւում:

Շուշիի վարչակազմի աշխատակիցներուն, Արսէն Խաչատրեանի անուան պետական մարդասիրական քոլէճի եւ  Եզնիկ Մոզեան արհեստագործական ուսումնարանի դասաւանդողներուն հետ հանդիպման ընթացքին Սամուէլ Աղաջանեան ներկայացուցած է շուշեցիները յուզող խնդիրներու լուծման իր տեսլականը:

Հանդիպումներուն ներկայ էին նաեւ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, ՀՅԴ «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէի անդամներ Գագիկ Խաչատրեան եւ Սուրէն Շինդեան: