6 Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան «Արմենփրէս»ի հարցումին ի պատասխան յայտնեց, որ շուտով տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը: Ան հանդիպման յստակ ժամկէտ չճշդեց:
Մնացականեան ըսաւ.«Մեր կառավարութիւնը շատ յստակօրէն արտայայտած է լրջութիւնը մեր մտադրութիւններուն` աշխուժօրէն աշխատելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին ուղղութեամբ: Այս տարուան ընթացքին, արտաքին գործոց նախարարներու եւ երկու երկիրներու ղեկավարներու միջեւ հանդիպումներու թիւը արդէն ցոյց կու տայ այդ լրջութիւնը: Մեր հանդիպումը նախանշուած է, տեղի պիտի ունենայ շուտով, մենք հանդիպումին մասին միաժամանակ յայտարարելու համաձայնութիւն ունինք, ես, բնականաբար, չեմ փափաքիր խախտել»:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր 2 Յունիսին Ուաշինկթընի մէջ: