«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան խորհրդարանէն ներս դարձեալ 6-7 Սեպտեմբեր 1955-ի դէպքերը ուսումնասիրելու առաջարկ ներկայացուցած է:
Այդ օրերուն Իսթանպուլի հայերը, յոյները եւ հրեաները ենթարկուած էին կոտորածի ու կողոպուտի: Փայլան նախորդ տարի նոյնպէս նման առաջարկ ներկայացուցած էր, սակայն Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին նախագահ Պինալի Եըլտըրըմ յետս կոչած էր առաջարկը:
Այս անգամ Փայլան դարձեալ առաջարկած է յանձնաժողով ստեղծել, մեղաւորները պատժել եւ տուժած անձանց ու կառոյցներուն փոխհատուցում տրամադրել:
«64 տարի անցաւ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու ոչնչացման պատճառ դարձած ու 6-7 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած ջարդէն: Թուրքիոյ խորհրդարանը մեղաւորները յայտնաբերելու համար մինչեւ օրս որեւէ քայլ չէ առած: Սոյն պատահարը Թուրքիոյ պատմութեան մէջ տեղի ունեցած ծանր դէպքերէն մէկն է, որուն հետ պետութիւնը չէ առերեսուած: Պաշտօնական տուեալներով, միայն Իսթանպուլի մէջ աւերուած է 73 եկեղեցի, յոյներու 8 հոգեւոր կեդրոն, 2 մենաստան: Հրկիզուած է յոյներուն պատկանող 3584` տուն 5538 աշխատատեղ: Նոր ապացոյցներու համաձայն, այդ դէպքերուն ընթացքին 60 կին ենթարկուած է սեռական բռնութեան, շարք մը մարդիկ սպանուած են: Մեղաւորները անպատիժ մնացին եւ հազարաւոր հայեր, յոյներ եւ հրեաներ ճնշումներու եւ սպառնալիքներու ենթարկուելով, սստիպուեցան երկիրը լքել», ըսած է Փայլան:

Յիշեցնենք, որ 6 Սեպտեմբեր 1955-ի առաւօտեան Իսթանպուլի մէջ թրքական մամուլը կեղծ լուր տարածած էր Սալոնիկի մէջ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր ու առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի տան պայթեցման մասին: Թէեւ աւելի ուշ պարզուեցաւ, որ տեղեկութիւնը իրականութեան չի համապատասխաներ, սակայն Իսթանպուլի, Իզմիրի, Անգարայի ու շարք մը այլ քաղաքներու քրիստոնէաբնակ թաղամասերուն վրայ թուրք ազգայնականներու զանգուածային յարձակումները չկանխուեցան:
Ըստ թրքական մամուլին, դէպքերուն ընթացքին մահացած է 11 հոգի: Մինչդեռ հայ եւ յոյն համայնքներուն պնդումով` մահացածներու թիւը աւելի շատ է: Դէպքերուն ընթացքին աւերուած են բազմաթիւ տուներ, քրիստոնեաներուն պատկանող խանութներ եւ գործարաններ: Այս յարձակումները պատճառ դարձան բազմաթիւ հայերու եւ յոյներու Թուրքիայէն արտագաղթելուն, նօսրացան հայ եւ յոյն համայնքները: