Ուսումը, յատկապէս ներկայ դարուն,  շատ կարեւոր է: Շատեր ուսում ստանալը կը նկատեն պայման ու միջոց ապագային լաւ ապրելու: Սակայն դպրոց  կու գանք ո՛չ միայն այդ նպատակով, այլ  նաեւ զարգանալու ու կրթուելու համար:   Բոլոր դարերուն ալ ուսուցման արժէքը բարձր եղած է եւ ուսեալ մարդը փնտռուած: Մեր դարը գիտութեան դար է: Անոր համար ալ  ժամանակին հետ ուսում ստանալը  ա՛լ աւելի կարեւորութիւն պիտի ստանայ: Սիրած դասանիւթս ուսողութիւնն է, որովհետեւ  շատ սորվիլ չի պահանջեր, մտածելու մեր կարողութիւնը կը զարգացնէ: Բայց  Հայերէնի դասապահը ուրիշ է: Հայրենի հողին դերը կը կատարէ: Անսպառ ուժ կու տայ մեզի իբրեւ հայեր ապրելու, հայ հողին տէր դառնալու եւ հայութիւնը պահելու: Հայկական դպրոցը կ’արժեւորուի  հայերէն դասանիւթով: Դպրոցական սերունդներ կու գան ու կ’անցնին. նորեր կու գան եւ  Հայ դպրոցին սուրբ գործը կը շարունակուի: (Սերժ Տէմիրճեան)
* * *
Հայ  դպրոցը  հայու նկարագիր, հայկական մտայնութիւն կերտողն է,  մեր ինքնութիւնը  կը զօրացնէ: Բարձր կամ ցած նիշերը այնքան ալ կարեւորութիւն չունին, կարեւորը բան սորվիլն է, գիտելիքի  տիրանալը, հայեցի դաստիարակութիւնը: Ասոնք  են մեր թանկագին գանձերը: Ինձմէ փոքրերուն կը պատուիրեմ լաւ սորվիլ իրենց դասերը, ամուր կառչիլ ուսումին, հայակական դաստիարակութեան եւ  ամենակարեւորը՝ Քեսապի հողին: «Ձեր ինքնութիւնը եւ հայկական արժէքները ամուր պահեցէ՛ք», ուսուցչուհիի մը  խրատը, որ մէջս արմատացած է եւ զայն չեմ մոռնար այնքան ատեն որ արիւնս կը շրջի երակներուս մէջ: (Անթօ Ճորճ Փանոսեան)
* * *
Կեանքիս մէջ չեմ կարծեր, թէ կրնամ մոռնալ ուսուցչուհիիս խրատը. «Ձեր ժամանակը մի՛ վատնէք: Հիւսեցէ՛ք ձեր կեանքի ճամբան, ձե՛ր ձեռքերով»:   Դպրոցը լաւագոյն տեղն է այս  իմաստով: Ես վստահ եմ, որ մեր սերունդը շատ լաւ տեղ պիտի հասնի ուսման մէջ: Սփիւռքի հայերը դժուարութիւններ ունին իրենց սերունդները հայ պահելու համար: Շատ բախտաւոր եմ, որ կը յաճախեմ ազգային Ճեմարան, որ հայերէն կը խօսիմ ու կը գրեմ, որ միտքերս սահուն կ’արտայայտեմ, որ մեր մշակոյթը անծանօթ չէ ինծի: Եւ այս բոլորը՝ շնորհիւ հայ դպրոցին: (Ժանին Արամեան)
* * *
Ամէն վերջ նոր սկիզբ ունի: Դպրոցական ամէն մէկ տարեշրջան նոր սկիզբ է: Հայկական դպրոցը մեզ մանուկ տարքէն իր գիրկը կ’առնէ եւ մեր մէջ կ’արմատացնէ հայու հոգին, կը սորվեցնէ, թէ ինչպէս Սփիւռքի մէջ կրնանք գոյատեւել: Հայերէնը մեզ կը տանի ուրիշ աշխարհ, որ մե՛րն է, կը զգանք հայու ջերմ հոգին, որ մեր մշակոյթէն կը հասնի մեզի: Ուսումը շատ կարեւոր է կեանքին մէջ յաջողելու համար: 21-րդ դարուն երբ կեանքը հետզհետէ աւելի կը բարդանայ՝ հայ դպրոցը մեր կեանքի ճամբան կը շտկէ, որ մենք հասնինք մեր նպատակներուն: (Շողակ Ղազարեան)
* * *
Դպրոց՝ ամէն բանէ առաջ կը նշանակէ դաս, տարբեր դասանիւթեր, որոնց կարգին նաեւ հայերէն: Բոլոր աշակերտներուն պարտականութիւնն է դպրոցական տարիներուն սիրել  ու սորվիլ հայերէն, որ երբ  դպրոցը աւարտեն արդէն սորված ըլլան անսխալ գրել ու սահուն կարդալ: Ասկէ զատ ամէն աշակերտ կ’ունենայ նաեւ իր նախասիրած դասանիւթերը: Իմ նախասիրածը, ըսե՛մ, կենսաբանութիւնն է, մանաւանդ այն դասերը, որոնք  մեր մասին են: «Մեր մասին» երբ կ’ըսեմ, նկատի ունիմ մարդ արարածի  ֆիզիքականը, մարմնինը: Եւ զարմանալի է, որ շատ բարդ է մեր մարմինը, հետեւաբար՝ նաեւ շատ հետաքրքրական: Ուսման հանդէպ ունիմ սէր եւ հետաքրքրութիւն: Համոզուած եմ, որ  բոլոր անոնք, որոնք ուսման տէր են, շատ յաջողած անձեր կ’ըլլան  իրենց գործնական եւ անձնական կեանքին մէջ: (Լիլի Գազազեան)
* * * *
Ինչո՞ւ հայկական դպրոց, ինչո՞ւ հայերէն: Որ պահպանենք մեր լեզուն, մեր ինքնութիւնը, կապուինք հայրենիքին, մեր պատմութեան, ծանօթանանք մեր արժէքներուն: Դպրոցին մէջ սորվելու եւ զարգանալու ընթացքը շարունակական  է, անոր համար արդիւնք կու տայ: «Մանկապարտէզ  դուն սիրուն» երգելով առաջին քայլերը կ’առնենք, աստիճանաբար աւելի ու ու աւելի բարդ խնդիրներ կը լուծենք: Կը սիրեմ քիմիագիտութիւնը, տարրերու եւ անոնց բաղադրութիւններու գիտութիւնը: Դասանիւթը  հետաքրքրական է, հասկնալը՝ դիւրին, սորվիլը՝ հաճելի: Ուսեալ մարդն է, որուն առջեւ կրնան բացուիլ աւելի ու աւելի առիթներ: Զարգանալն ու յառաջդիմելը անվերջ են: Դպրոցականնե՛ր, միշտ յաջող ու միշտ հպարտ՝ դէպի յառաջ: (Մարի Փանոսեան) 
* * *
Միայն խելացի ըլլալը չի՛ բաւեր, պէ՛տք է ջանք թափէք, քրտնաջան աշխատիք: Այսպէս խրատած են մեզ մեր ծնողներն ու ուսուցիչները: Ինչո՞ւ: Որպէսզի հասնինք մեր նպատակներուն: Այս  խօսքերը յատկապէս իմաստ կը ստանան  տասերորդ դասարանէն: Այդ դասարանին մէջ  զգացած եմ  տարբերութիւնը նախորդող տարիներուն:  Ինքզինքս զգացած եմ խելահաս, որ կը գտնուի մեծ պատասխանատուութեան առջեւ: Այս փոփոխութիւնը բնաւ դիւրին չէ եւ կը պահանջէ բնաւորութեան փոփոխութիւն՝ կարենալու համար դէմ կենալ եւ յաղթահարել դպրոցական դժուարութիւններ եւ աչքդ դէպի ապագայ ուղղել: Ուսողութիւնը եղած է նախասիրած  դասանիւթս: Թիւերու եւ տեսական բանաձեւերու հետ աշխատիլը ինծի ուրախութիւն եւ հոգեկան հանգստութիւն կը  պարգեւէ: Բնագիտութիւնն ալ կը սիրեմ, անով կը ծանօթանանք  բնութեան անտեսանելի գաղտնիքներուն, օրէնքներուն:  Հաստատապէս  կրնանք ըսել, որ մեր դարուն ամէնէն արժէքաւոր բանը ուսումն է, որովհետեւ մտքի զարգացման հետեւանքն  է մեր ժամանակներու  զարգացումը: Հայերէն դասանիւթն  ալ  կը սիրեմ: Շատ մեծ է անոր կարեւորութիւնը պահելու մեր լեզուն ու մշակոյթը եւ զայն փոխանցելու սերունդէ սերունդ: Ներկայ դարուն այդ նպատակներուն  դիմաց կան շատ դժուարութիւններ: Այդ պատճառով պէտք է մեր կապը հայերէն դասանիւթին հետ ամենազօրաւորը ըլլայ, որպէսզի  կարենանք գոյատեւել Սփիւռքի մէջ:   (Շիրազ  Աթիկեան)
* * *
Կը սիրեմ բնագիտութիւնը: Շատ հետաքրքրական է գիտնալ բնութեան երեւոյթներուն բացատրութիւնը: Հայերէնը միւս դասանիւթներէն տարբեր է իր հետապնդած նպատակով: Որպէս սփիւռքահայեր  հայկական դպրոց յաճախելը շատ կարեւոր է՝ մեր ինքնութիւնը պահելու համար: Հիմնական է հայեցի դաստիրականութիւն ստանալը, որովհետեւ ան մեզ կը պաշտպանէ օտարութենէն, օտարանալու մոլութիւններէն: Ուսեալ մարդը աւելի գիտակից կ’ըլլայ այս հարցերուն:  Հայկական դպրոց յաճախելը իմաստ ունի նաեւ այս պատճառով:   Հոն յաճախել միայն ապագային դիւրին կեանք ապրելու  հեռանկարով  բաւարար չէ:   Ազգ, հայրենիք, լեզու, գրականութիւն, մշակոյթ կարեւոր են: «Գաղափարներ սիրելը եւ անոնց նուիրուիլը կեանքը կը դարձնէ իմաստալից»,կ’ըսէ մեր դաստիարակը: Գաղափարներ, ճշմարտութիւններ  եւ օրէնքներ մենք կը սորվինք դպրոցին մէջ: Պէտք է  բոլորդ՝ աշակերտնե՛ր, առաջին օրէն   ջանք թափէք, տքնաջան աշխատիք: Ուսման ճամբան այդ կը պահանջէ մեզմէ: Յաջողութիւն, սիրելինե՛ր:  (Մեղեդի Պետրճիքեան)
«ԲԱՐԻ  ՎԵՐԱՄՈՒՏ  ԲՈԼՈՐ  ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ».
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի  2018-2019  Տարեշրջանի
ԺԲ. Կարգի Աշակերտ-Աշակերտուհիներ