Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր կեանքին ընթացքին կը հանդիպի խոչընդոտներու եւ դժուարութիւններու: Ոմանք, տեսնելով այս խոչընդոտները, նպատակ մը կը ճշդեն եւ այդ նպատակին հասնելու կամքն է, որ զիրենք կը մղէ յաղթահարելու խոչընդոտները՝ անքուն գիշերներ լուսցնելով, աշխատասիրութեամբ ու համբերութեամբ տոգորուած:
ԱՔԵ Ճեմարանի պաքալորիայի առաջնակարգ հետեւեալ աշակերտները ստորեւ կը պատմեն իրենց փորձառութենէն:
Մէյրի Տրմաշ
«ՆՊԱՏԱԿԻՍ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ՃԱՄԲՈՒՆ ՄԵԾ ԴԵՐ ՈՒՆԷՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆՍ»
Պաքալորիան ինծի համար վախազդու տարի մըն էր, բայց ես այդ վախը յաղթահարելու համար պէտք էր յառաջադէմ ուսանող մը ըլլայի:
Այս դժուար ճամբուն վրայ առանձին չքալեցի. ընտանիքս միշտ կողքիս էր, իսկ յուսահատութեան պահերուս ընկերներս կը քաջալերէին:
Նպատակիս հասնելու ճամբուն մեծ էր դպրոցին դերը: Ուսուցիչները իրենց լաւագոյնը կու տային, դաստիարակը՝ պրն. Ներսէսը, եղբօր մը նման կ’օգնէր մեզի, որպէսզի յաղթահարենք դժուարութիւնները:
Չեմ կրնար նկարագրել արդիւնքներու յայտարարուած օրուան ուրախութիւնս: Նպատակիս հասած էի ու արդարացուցած թէ՛ ընտանիքիս եւ թէ դպրոցիս ակնկալութիւնները:
Մեզի յաջորդող սերունդին կը յորդորեմ չվախնալ պաքալորիայէն. անիկա այնքան ալ դժուար չէ, ինչպէս շատեր կը ներկայացնեն: Կարեւորը նպատակիդ հասնելու համար հաստատ քայլերով յառաջանալն է:
Էլենա Աւագեան
«ԱՇԽԱՏԱՆՔՆ Է ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԿ ԳՐԱՒԱԿԱՆԸ»
Պաքալորիայի տարին կեանքիս ամէնէն դժուար տարիներէն մէկն էր: Բարեբախտաբար լաւ արդիւնքով աւարտեցի զայն:
Մղիչ ուժս նպատակս էր: Մտադրած էի 2300-էն բարձր գնահատանիշ ապահովել: Ամէն անգամ որ տկարանայի կամ յանձնուէի, նպատակս կը մտաբերէի ու կը լծուէի սորվելու հետեւողական աշխատանքի:
Ընտանիքս եւ դպրոցս ամէն ձեւով թիկունք կանգնեցան ինծի: Ուսուցիչներս ոչ մէկ ճիգ խնայեցին իրենց լաւագոյնը տալու համար:
Միակ յորդորը, որ համեստաբար կ’ուզեմ ուղղել այս ծանր բեռը ստանձնողներուն աշխատիլն է: Իւրաքանչիւր աշակերտ աշխատանքով կը հասնի իր ուզածին եւ աշխատանքին համապատասխան արդիւնք կը ստանայ:
Կիթառ Աւընեան
«ՅԱՆԴՈՒԳՆ ԵՂԻՐ, ԸՆՏՐԷ՛ ԱՊԱԳԱՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ ՃԱՄԲԱԴ»
Աւարտելով Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք թիկունք կանգնեցան ինծի յատկապէս պաքալորիայի դժուար տարուան ընթացքին եւ օգնեցին, որ հաստատաքայլ երթով անցնիմ այս ճամբէն:
Իւրաքանչիւրս իւրովի պէտք է ճշդէ իր նպատակը, առանց ազդուելու այլոց մտքերէն եւ ամբողջ օրը անձնական դասընթացքներով ծանրաբեռնելով: Վարժարանը լաւագոյն ուսուցիչները կ’ապահովէ արդէն, իսկ անոնք որոնք դժուարութիւն ունին կարգ մը նիւթերու ընկալման մէջ, կրնան հետեւիլ միայն տուեալ նիւթերու յատուկ դասընթացքներուն: Ճիշդ չէ անտեսել վարժարանին դերը, այնտեղ տիրող մրցակցութեան առողջ մթնոլորտը շատ դրական, մղիչ ուժ է:
Պաքալորիան կարեւոր տարի է, որովհետեւ այդ տարի կ’ուրուագծուի մեր ուսումնական ապագան:
Շրջապատը մեծ ազդեցութիւն ունի աշակերտին վրայ: Ան կրնայ դրական կամ բացասական դեր ունենալ, քաջալեր հանդիսանալ կամ ճնշելով յուսահատեցնել աշակերտը:
Ուստի, սիրելի ընկերներ, ականջ մի՛ տաք յուսահատական խօսքերով ձեզի դիմողներուն, օրը օրին պատրաստեցէք դասերը եւ ձեզի յատուկ ձեւեր որդեգրեցէք պաքալորիայի ծրագիրը սորվելու համար: Միշտ յիշեցէք, որ դաս պէտք չէ սորվիլ միայն նիշ ապահովելու համար, այլեւ գիտելիք իւրացնելու համար:
Աւօ Պօղոսեան
«ԵԹԷ ՆՊԱՏԱԿԴ ՃՇԴԱԾ ԵՍ, ԱՌԱՆՑ ՅՈՒՍԱՀԱՏԵԼՈՒ ԱՇԽԱՏԷ՛… ԿԸ ՀԱՍՆԻՍ ԱՆՈՐ ԱՆՊԱՅՄԱՆ»
Ճեմարանէն շրջանաւարտ դառնալով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ վարժարանիս, ուսուցիչներուս եւ ընտանիքիս: Վարժարանիս եւ տանս դրական մթնոլորտը օգնեց, որ հետեւողական աշխատանքով աւարտեմ պաքալորիայի ծրագիրը:
Նպատակս ճշդած էի ու քայլ առ քայլ կ’ընթանայի, միշտ ներքին ձայնիս՝ կամքի ուժիս ականջ տալով:
Բաւական արկածներ անցուցի, անգամ մը ձեռքս, ուրիշ անգամ մը ոտքս կոտրեցի, բայց այս բոլորը չխանգարեցին ընթացքս:Ամէն օր դպրոց եւ դասընթացքի յաճախելով կանոնաւոր կերպով հետեւեցայ ծրագրին եւ աշխատանքիս պտուղը քաղեցի:
Յաջորդ տարուան պաքալորիաներուն սրտանց կը մաղթեմ աննահանջ աշխատանք, որովհետեւ ամէնէն երջանիկ օրը ձեր աշխատանքին արդիւնքին յայտարարութեան օրն է: Այդ օրը դուք պիտի մոռնաք բոլոր դժուարութիւնները եւ հպարտանաք ձեր աշխատաքով:
Վեհան Պարսումեան