ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստան-Արցախ յարաբերութիւններուն մէջ որոշ լարուածութիւն  ստեղծուած էր, եւ տակաւին կը պահպանուի, սակայն սա քննարկումի նիւթ չէ:: Իշխանեան անդրադարձաւ  ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան, որուն համաձայն յարաբերութիւններու լարուածութեան փարատումին լաւագոյն եղանակը ընտրութիւնները պիտի ըլլան:

Իշխանեան համաձայն չէ այդ տեսակէտին. «Չեմ կարծեր, որ ընտրութիւնները կրնան յարաբերութիւններու կարգաւորման լաւագոյն տարբերակ դիտարկուիլ, ընտրութիւնները զուտ ընտրութիւններ են: Ընտրութիւնները չենք կրնար դիտարկել որպէս  յարաբերութիւններ կարգաւորող հիմնաքար, հաւանաբար, պէտք է այլ միջոցներ եւ այլ նախաձեռնութիւններ ունենալ ասոր համար», ըսաւ  ան:

Երկու օր առաջ  Փաշինեան-«Սասնայ Ծռեր» կուսակցութեան միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին մասին պատգամաւորը շեշտեց, որ մտահոգութիւններ կան. «Անոնք ոչ թէ սոսկ Ժիրայր Սեֆիլեանի կամ «Սասնայ Ծռերու» միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումներ են,  ընտրուած ձեւաչափը հետեւեալն է. Հայաստանի վարչապետը պէտք է բոլորին հետ բնականոն յարաբերութիւններ ունենայ: Անոնք պէտք է մեր ընդհանուր շահերէն բխին, այնուհանդերձ  այս փուլին  նման կարգի հանդիպումը եւ որոշակի հարցերու անդրադարձը քաղաքական որոշակի ենթահող կը պարունակէ, որ մտահոգութիւն  կը յառաջացնէ, որովհետեւ «Սասնայ Ծռեր»ու հանդէպ ձեւաւորուած տեսակէտները եւ անոնց գործունէութեան դաշտը միանշանակ չեն, եւ արդէն կիրառուած է ընտրովի դրութիւնը` քաղաքական նախընտրութեան հարցը, որ որոշակիօրէն մտածելու առիթ կու տայ»:

Երբ հարց տրուեցաւ, թէ ինչ քաղաքական ենթահիմք ունի այս հանդիպումը, պատգամաւորը արձագանգեց, թէ պէտք է հանդիպումին անդրադառնալ շահերու ընդհանուր տեսանկիւնէն `մատնանշելով, որ քննարկուած հարցերը մանրամասնօրէն չեն սերտուած: