Արցախի Հանրապետութեան կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի մամուլի ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ  8 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած տարածքային ընտրական  յանձնաժողովներէն ստացուած տուեալներուն համաձայն, ժամը 20.00-ի դրութեամբ  ընտրութիւններուն մասնակցած է 67326 ընտրող:

Յիշեցնենք, որ տարածքային ընտրական յանձնաժողովը ընտրական տեղամասերուն մէջ քուէարկութեան արդիւնքներու արձանագրութիւններու հիման վրայ քուէարկութեան աւարտէն շատ չանցած՝ 18 ժամուան ընթացքին պիտի ամփոփէ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն քուէարկութեան նախնական արդիւնքները եւ արձանագրութեամբ պիտի վաւերացնէ զանոնք: