Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 8 Սեպտեմբերին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին պատասխանած է նաեւ ԱՀ-ՀՀ իշխանութիւններու յարաբերութիւններու մասին հարցումին յայտնեց, որ գործընկեր կողմերը պիտի շարունակեն համապատասխան աշխատանքներ կատարել եւ յարաբերութիւններու ներդաշնակութեան հարցը առաջնահերթութիւններու շարքին կը դասուի:

«Անհամաձայնութիւնները պէտք չէ որպէս ողբերգութիւն որակել: Մենք, բնականօրէն, ունինք տեսակէտներ ու հոն, ուր այս կամ այն տեսակէտները չեն համընկնիր, ես  կը վերագրեմ մեր աշխատանքային յարաբերութիւններուն», ըսած  է ԱՀ նախագահը:

Լ.Թեւոսեան