Շաբաթ, 7 Սեպտեմբեր 2019-ին, զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ի հաղորդեց, որ սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին Համայի հիւսիս արեւմտեան Ղապ շրջանին մէջ զինուորական կեդրոնի մը ուղղութեամբ արձակուած երեք ինքնաթիռներու։
Օդուժը վար առաւ անոնցմէ մէկը, իսկ միւս երկուքը ջախջախուեցան։

Աղբիւրին համաձայն մարդկային կամ նիւթական վնասներ չկան։
Նախօրօք զինուորական աղբիւր մը յայտնած էր, որ Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտիէն ներս զինադադար պիտի յայտարարուի 31 Օգոստոս 2019-էն սկսեալ, հետեւաբար սուրիական կողմը զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ որեւէ յարձակումի դէմ պաշտպանուելով հանդերձ անպատասխան պիտի ձգէ զայն։