Սուրիոյ մէջ 2019-2020 տարեշրջանի վերամուտը ուսումնական սովորական տարուան մը սկիզբը չ՚ազդարարեր։ Պատերազմի տարիներուն, ի պատիւ Կրթութեան Նախարարութեան եւ սուրիական կրթական համակարգին մէջ ծառայողներուն, սերունդներու ուսումը շարունակուեցաւ զանազան դժուարութիւններու յաղթահարումով։ Պատերազմի պայմաններուն մէջ ապրող սերունդները «Լոյսը ընդդէմ խաւարին» նշանաբանով շարունակեցին դպրոց յաճախել, գիտութեան լոյսով զօրանալ ու յոյսով նայիլ ապագային։

Շատ մը վարժարաններ քանդուեցան, սակայն վերանորոգումի աւետիսը չուշացաւ։

Այս իմաստով եզակի օրինակ մըն է Դամասկոսի Ազգային Միացեալ վարժարանի վերականգնումը։

«Գանձասար» կապ հաստատելով երեսփոխան դոկտ. նորա Արիսեանի հետ տեղեկացաւ, որ երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանի խնդրանքին հիման վրայ, Սուրիոյ նախագահը Ազգ. Միացեալ վարժարանի վերականգնումի աշխատանքները ստանձնած է։

Յաւելեալ մանրամասնութիւններ իմանալու համար հետեւեալ հարցումները ուղղեցինք երեսփոխան դոկտ.Նորա Արիսեանին.

«Գանձասար»- Ե՞րբ հիմնուած է Դամասկոսի Ազգ. Միացեալ Վարժարանը։

Նորա Արիսեան-Դամասկոսի Ազգային Միացեալ վարժարանը հիմնուած է 1929-ին, Դամասկոսի կեդրոնը, Սալհիէ թաղամասին մէջ՝ որպէս մանկապարտէզ եւ նախակրթարան:
2010-ին փոխադրուած է Դամասկոսի արուարձաններէն Մլեհա շրջան, արդիական ոճով շէնքի մը կառուցումէն ետք, ուր օժտուած է նաեւ միջնակարգ բաժինով:

«Գ.»- Պատերազմի տարիներուն ինչպիսի՞ պսյմաններու մէջ յայտնուած էր վարժարանը։

Ն. Ա.- Երբ ահաբեկչական գործողութիւնները սաստկացան եւ այդ շրջանը յայտնուեցաւ բուռն բախումներու մէջ, աշակերտութիւնը ստիպուած փոխադրուեցաւ նախկին շէնք, ուր դպրոցը իր կրթական գործունէութիւնը շարունակեց ու մինչեւ օրս կը շարունակէ, հակառակ շէնքի աննպաստ վիճակին:
Պատերազմի շրջանին, վարժարանի նոր շէնքը թիրախ դառնալով հրթիռակոծումներու, վնասներ կրած ու անօգտագործելի դարձած էր։ Դպրոցը կարիք ունէր ամբողջական վերականգումի:

«Գ.»- Ե՞րբ աւարտին հասան նորոգութեան աշխատանքները, իսկ աշակերտութիւնն ու տնօրէնութիւնը ինչպէ՞ս դիմաւորեցին վերամուտը։

Ն. Ա.- Վարժարանի վերականգնումի աշխատանքները աւարտած են եւ պէտք է ըսել, որ դպրոցի երկրորդական բաժինն ալ պատրաստ է, սակայն կեանքի կը կոչուի յառաջիկայ տարեշրջանին: Դպրոցի իւրաքանչիւր բաժին, դասարաններու կողքին, օժտուած է համակարգիչի սրահով, տարրալուծարանով, գրադարանով եւ անջատ բակերով:
Իսկ գետնայարկը կը կազմէ ընդարձակ սրահ մը՝ իր խոհանոցով, ինչպէս նաև մարզանքի, երաժշտութեան եւ բժշկական սրահներով:
Այս տարի աշակերտները վերամուտը սկսան դարձեալ նախկին շէնքին մէջ, սակայն որոշ դասաւորումներէ ետք, արդէն կը տեղափոխուին վերականգնած նոր շէնք: