«Երկիր».-Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած Տեղական Ինքնակարավարման Մարմիններու ընտրութիւններու արդիւնքներուն համաձայն, Աղաւնի գիւղի համայնքապետ ընտրուեցաւ ծնունդով Գամիշլիցի, Լիբանանէն հայրենադարձ, ՀՅԴ-ի անդամ Անդրանիկ Չաւուշեան:
Դաշնակցութիւնը յաղթած է նաեւ Արցախի Աշան, Կաղարծի, Պառաւաթումբ, Հացի, Ննգի, Դրախտիկ, Աւետարանոց, Ծոփաձոր, Քաշունիք եւ Գիշի, Չարեքտար, Նոր էրքէջ, Հաւսաթաղ եւ շարք մը այլ համայնքներուն մէջ:
Թաղավարդի մէջ յաղթած նաեւ ՀՅԴ-ին պաշտպանած թեկնածուն:
Աւելցնենք, որ Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հրապարակած է երկրի մէջ 8 Սեպտեմբերին, տեղի ունեցած համայնքի ղեկավարի եւ աւագանիի քուէարկութեան նախնական արդիւնքները: Ըստ անոնց, Ստեփանակերտի ձայներու մեծամասնութիւնը ստացած է քաղաքապետի թեկնածու Դաւիթ Սարգսեան: Շրջակայ կեդրոնները առաւելութեան հասած են` Շուշիէն` Արծուիկ Սարգսեան, Ասկերանէն` Սամուէլ Աղաջանեան, Մարտունիէն` Հայկ Սարգսեան, Մարտակերտէն` Միշա Կիւրջեան, Հադրութէն` Վահան Սաւադեան, Բերձորէն` Նարեկ Ալեքսանեան, Քարվաճառէն` Սերկէյ Չիլինգարեան: