«ՓանԱրմինիըն».- 2020-ին կը նախատեսուի ստեղծել համահայկական խորհրդատուական մարմին մը, որուն միջոցաւ Սփիւռքը ներկայացուած պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ: Այս մասին ըսաւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Մոսկուայի եւ Ռուսիոյ տարբեր քաղաքներէն ժամանած երիտասարդ հայ գործարարներու եւ հայ համայնքի գործունեայ ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին:
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Մոսկուայի Ժողովրդական տնտեսութեան նուաճումներու տարածքին մէջ գործող հայկական »Արմէնիա« տաղաւարին մէջ: Ողջունելով ներկաները՝ Զարեհ Սինանեան ներկայացուց Հայաստանի զարգացման տեսլականն ու ընթացիկ արդիւնքները:
Խօսելով Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին մասին՝ Սինանեան դիտել տուաւ, որ գրասենեակը այժմ Սփիւռքի հետ աշխատանքի օրակարգն ու ճամբու քարտէսը կը մշակէ, իսկ 2020-ի ամրան կը նախատեսուի կազմակերպել երեք համաժողովներ: Առաջինը պիտի ըլլայ Հայաստան-Սփիւռք համահայկական համաժողովը, որ ամբողջութեամբ տարբեր պիտի ըլլայ նախկին համաժողովներէն. անիկա պիտի ունենայ յստակ օրակարգ, պիտի քննարկուին հարցեր, եւ պիտի իրագործուին տարբեր նախագիծեր: Համաժողովի նպատակներէն է նաեւ Համահայկական խորհրդատուական մարմինի ստեղծումը, որով Սփիւռքը պիտի ներկայացուի Հայաստանի մէջ:
Ըստ Գլխաւոր յանձնակատարին, երկրորդ համաժողովը պիտի համախմբէ Սփիւռքի քաղաքական գործիչներն ու պետական պաշտօնեաները եւ նպատակ պիտի ունենայ առաջարկներու փաթեթ եւ քաղաքականութիւն մշակել: Երրորդ համաժողովը պիտի ըլլայ տնտեսական՝ ընդհանուր հարթակ ստեղծելու Սփիւռքի գործարարներուն համար։
Քննարկուեցան Հայաստանի պետական կառավարման համակարգին մէջ սփիւռքահայերու ներգրաւման եւ առկայ օրէնսդրական խոչընդոտներու վերացման առնչուող հարցեր: Ներկաներուն մեծ մասը հետաքրքրուած էր Հայաստանի մէջ գործարարութեան արտօնութիւններով եւ IT ոլորտին մէջ ներդրումներ կատարելու կարելիութիւններով:
Պատասխանելով բոլոր հարցումներուն՝ Սինանեան ըսաւ, որ պատրաստ է սերտօրէն համագործակցելու եւ նպաստելու միւս գերատեսչութիւններուն: Ըստ անոր՝ այս հաւաքներուն նպատակն է լսել գաղութներու հարցերուն մասին, հասկնալ, թէ լուծման ինչ ակնկալութիւններ կան, համագործակցութեան ինչ պատկերացում ունին, որպէսզի ըստայնմ աշխատանքի լծուին։