«Արմէնփրէս».-Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները 7-էն 9 Սեպտեմբերին 47 անգամ շփման գիծի տարբեր ուղղութիւններ կրակելով խախտած են հրադադարը: Ատրպէյճանական յենակէտերէն տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէն 17 անգամ գնդակոծուած են Տաւուշի մարզի Չինարի, Սեւքար, Այգեպար, Բերդաւան, Արարատի մարզի Երասխաւան, Պարոյր Սեւակ, Վայոց Ձորի մարզի Արենի, Խնձորուտ բնակավայրերու մօտակայքը գտնուող ՀՀ զինեալ ուժերուն մարտական դիրքերը:
Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ 30 անգամ գնդակոծուած են նաեւ Արցախի զինեալ ուժերու Մարտակերտի, Մարտունիի, Շահումեանի եւ Հադրութի մարտական դիրքերը: