ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն կը հաղորդեն, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 9 Սեպտեմբերին ընդունած է Գերմանիոյ նորանշանակ դեսպան Միխայէլ Եոհաննէս Բանցհաֆը` հաւատարմագրերու պատճէնը յանձնելու առիթով:
Նախարար Մնացականեան շնորհաւորած է Միխայէլ Եոհաննէս Բանցհաֆը` պատասխանատու առաքելութիւնը ստանձնելուն համար եւ յոյս յայտնած է, որ նորանշանակ դեսպանը իր ներդրումը ունենայ հայ-գերմանական քաղաքական երկխօսութեան ամրապնդման մէջ: Կողմերը միտքեր փոխանակած են Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ առկայ երկկողմ օրակարգը առաւել խորացնելու եւ հարստացնելու քայլերուն շուրջ: