Մինչ սուրիական բանակը կը շարունակէ երկրին հիւսիսային բաժինին մէջ զինադադարի որոշումը գործադրել, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ պատրաստակամութիւն չեն ցուցաբերեր զինադադարը յարգելու, ինչ որ սուրիական բանակը կը մղէ ինքնապաշտպանութեան եւ զինադադարի արդիւնաւորման այլ միջոցներ որդեգրելու յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին։ Համայի մէջ «Ուաթան»ի թղթակիցը յայտնեց, որ սուրիական բանակը հրթիռակոծած է «Իտլիպի հարաւային եւ հարաւարեւելեան բաժինի Ճարճամազ, Մաարշմարին, Ալ Թահ, Թալմանաս գիւղերուն մէջ «Ճապհաթ ալ Նուսրա» զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման այն կեդրոնները, որոնցմէ շարունակաբար կը հրթիռակոծուի խաղաղ բնակչութիւնը: