«Երկիր».-10 Սեպտեմբերին, տեղական ժամով 20:22-ին (Կրինիչի ժամով 16:22-ին) Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութեան Երկրաշարժային պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան երկրաշարժային ցանցին կողմէ հիւսիսային լայնութեան 41.080 եւ արեւելեան երկայնութեան 43.940 աշխարհագրական համակարգ գիծերով (Հայաստան-Վրաստան սահմանային գօտի` Բաւրա գիւղէն 13 քմ. հիւսիս-արեւելք), օճախի 10 քմ. խորութեամբ, 4,8 ուժգնութեամբ երկրաշարժ գրանցուած է:
Կեդրոնային գօտիին մէջ ստորգետնեայ ցնցումին ուժգնութիւնը կազմած է 6-7 բալ:
Նախնական տուեալներուն համաձայն, երկրաշարժը զգացուած է ՀՀ Շիրակ, Լոռի, Տաւուշ, Արագածոտն, Արմաւիր մարզերուն եւ Երեւանի մէջ: Երկրաշարժին հետեւանքով ՀՀ տարածքին զոհեր եւ աւերներ չեն արձանագրուած: