«Ապառաժ».-Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 10 Սեպտեմբերին ընդունած է ՀՀ քաղաքաշինութեան կոմիտէի պատուիրակութիւնը` կառոյցի ղեկավար Վահագն Վերմիշեանի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպումին, որ կը մասնակցէր Արցախի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան, քննարկուած են Արցախի քաղաքաշինութեան զարգացման եւ այս ոլորտէն ներս հայկական երկու պետութիւններուն փոխգործակցութեան վերաբերող զանազան հարցեր:
ՀՀ քաղաքաշինութեան կոմիտէի կառոյցի ղեկավար Վահագն Վերմիշեան ըսած է. «Մենք ստորագրեցինք գործակցութեան յուշագիր, ուր 9 կէտով յիշուած են մեր հիմնական աշխատանքներուն ուղղութիւնները: Համոզուած եմ, որ յառաջիկային կ’ունենանք նաեւ գործնական քայլեր»: