Երեքշաբթի, 10 Սեպտեմբեր 2019-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ընդունեց Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած Բանուորներու Միջ- ազգային Արհմիութեան 3-րդ խորհրդաժողովի մասնակիցներուն պատուիրակութիւնը:
Նախագահը անդրադարձաւ նման միութիւններու հետ հանդիպումի կարեւորութեան, լուսարձակի տակ առնելով բանուորներուն դերը սուրիական միջավայրի բարեկարգման մէջ, դիտել տալով, որ բանուորներու դասակարգը որեւէ երկրի ազգային դիմագիծը կ’ուրուագծէ. հետեւաբար, երբ բանուորները լաւ վիճակի մէջ են, կը նշանակէ, որ միջավայրը առողջ ու լաւ է:
Ասատ համաշխարհային տարողութեամբ ուժերու հաւասարակշռութեան խախտումին մասին խօսելով յայտնեց, որ արտադրող ուժերը որեւէ ընկերութեան ամենամեծ խաւը ըլլալով մէկտեղ, որոշումներ գոյացնելու կամ շահոյթներ ճշդելու լիազօրութիւն չունին: Փաստօրէն տնտեսական հզօր կարելիութիւններ ունեցող ուժեր կը ձգտին կառավարել աշխարհը՝ իրենց սեփական շահերու ապահովման համար, յաճախ բանուորներուն հաշուոյն:
Նախագահը անդրադարձաւ պատմութեան ընթացքին Սուրիոյ բանուորներուն երկրի տնտեսութեան բերած կարեւոր ներդրումին, աւելցնելով, որ բանուորները, հակառակ պատերազմի դաժան պայմաններուն, շարունակեցին իրենց աշխատանքը՝ յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւնները: Անոնք ոտքի պահեցին երկիրը: