28 Օգոստոսէն 7 Սեպտեմբերին Դամասկոսի ցուցահանդէսներու հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Դամասկոսի Միջազգային 61-րդ ցուցահանդէսը, որուն մասնակցեցան աւելի քան 1700 սուրիական եւ օտարերկրեայ ընկերութիւններ Ռուսիայէն, Իրանէն, Չինաստանէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Չեխիայէն, Պելառուսէն եւ այլն: Ցուցահանդէսին ընդհանուր առմամբ մասնակցեցան 38 օտարերկրեայ պետութիւններ:
Դամասկոսի միջազգային ցուցահանդէսին մասնակցեցաւ նաեւ Սուրիոյ մէջ ՀՀ Դեսպանութիւնը, որ ցուցահանդէսի այցելուներուն ներկայացուց Հայաստան արտադրուող սննդամթերքի, հիւթերու, հանքային ջուրի, գինիի եւ քոնեակի օրինակներ: Հայաստանի տաղաւարին մէջ ցուցադրուած էին նաեւ շինարարութեան, բժշկական սարքերու, ելեկտրական, ոսկերչական եւ արհեստագիտական ոլորտներուն մէջ մասնագիտացած ընկերութիւններու տեղեկատուական եւ գովազդային նիւթեր:
Ցուցահանդէսի օրերուն հայկական տաղաւարը ունեցած է այցելուներու մեծ հոսք, իսկ սուրիական լրատուամիջոցները լայնօրէն անդրադարձած են Հայաստանի մասնակցութեան: Ցուցահանդէսի փակման արարողութեան Սուրիոյ տնտեսութեան եւ արտաքին առեւտուրի նախարար Սամեր Խալիլ ՀՀ Դեսպանութեան յանձնած է Դամասկոսի Միջազգային Ցուցահանդէսի մասնակցութեան յուշամետալը:
Դամասկոսի Միջազգային Ցուցահանդէսը Սուրիոյ տնտեսական մեծագոյն ձեռնարկներէն կը համարուի, իսկ Մերձաւոր Արեւելքի ամենահին տնտեսական ցուցահանդէսներէն մէկն է: 2011-2016-ին ցուցահանդէսը չէր կազմակերպուեր պատերազմական վիճակին բերումով, սակայն 2017-ին վերսկսաւ աշխատանքը: Ցուցահանդէսի վերաբացումէն ետք, Հայաստան տեւական կը մասնակցի ձեռնարկին: