Թուրքիոյ Ժողովուրդի Հանրապետական Կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու «Հապէրթուրք» թրքական պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ Սուրիա իրաւունք ունի պատերազմ յայտարարելու ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ երկրի բոլոր շրջաններուն՝ ներառեալ Իտլիպի մէջ: Ան Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական գործողութիւններու գլխաւոր պատասխանատուն Թուրքիոյ վարչակարգը համարեց, դիտել տալով, որ հազարաւոր զինեալ ահաբեկիչներ Սուրիա մուտք գործեցին Թուրքիոյ սահմանէն, նոյն ճամբով Քաթարն ու Սէուտական Արաբիան, ԱՄՆ-ի զօրակցութեամբ, զէնք ու զինամթերք մատակարարեցին զինեալ ահաբեկիչներուն:

Խօսելով Էրտողանի վարած քաղաքականութեան մասին, Քըլըճտարօղլու յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահը թրքական տարածքներ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէպի Սուրիա հոսքին ծառայեցուց, երբեմն այդ տարածքները ապաստարան դարձուց այդ խմբաւորումներուն՝ նիւթապէս եւ զէնքի ու զինամթերքի հայթայթումով նեցուկ կանգնելով անոնց: Աւելին՝ Էրտողան ապօրինաբար ՏԱՀԵՇ-էն գնեց Սուրիայէն գողցուած քարիւղը:

Քըլըճտարօղլու քննադատեց Էրտողանի Սուրիոյ նկատմամբ վարած երկդիմի քաղաքականութիւնը, դիտել տալով, որ ան օր մը կը համաձայնի Ռուսիոյ նախագահին հետ, յաջորդ օրը հեռաձայնային հաղորդակցութեան մէջ կը մտնէ ԱՄՆ-ի նախագահին հետ, առանց արդարացնելու սուրիական տագնապի հրահրման իր նկրտումներն ու ահաբեկչական խմբաւորումներուն ցուցաբերած անվերապահ օժանդակութիւնը:

Եզրակացնելով Քըլըճտարօղլու ըսաւ, որ Թուրքիոյ նախագահը կը կրէ Սուրիոյ ներկայ իրավիճակին եւ սուրիացիներու, յատկապէս Թուրքիա գաղթողներու, ողբերգութեան պատասխանատուութիւնը:

Ան անհրաժեշտ համարեց Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան ամբողջական փոփոխութիւնը եւ դրացի երկիրներուն, յատկապէս Սուրիոյ, Իրանի եւ Իրաքի հետ խաղաղ գոյակցութեան հիմքերու հաստատումը: