Սուրիոյ հիւսիսային սահմանին վրայ ապահովական գօտի հաստատելու թուրք-ամերիկեան փորձը յիշեալ երկիրներու արտաքին քաղաքականութեան եւ ազդեցութեան գօտիի ընդլայնումին նպաստող համաձայնութիւն մըն է, որ իրականութեան մէջ Սուրիոյ ժողովուրդին ու անոր բազմերանգ ընկերութեան ոչ մէկ մասնիկին ապահովութիւնը պիտի երաշխաւորէ: Ընդհակառակը՝ ապահովական գօտիին հաստատումով մշտապէս թիրախ պիտի դառնայ Սուրիոյ ժողովուրդը, որովհետեւ ապահովական գօտիին հաստատումը օտար ուժերու սուրիական տարածքներ թափանցումը պիտի ամրագրէ, առանց հաշուի առնելու բնիկ ժողովուրդին կամքը, կարծիքն ու ապահովութիւնը:

Սուրիա, բնականաբար, կտրականապէս պիտի մերժէր իր հողերուն վրայ, իր հողերուն շուրջ նման սակարկութիւններն ու ոտնձգութիւնները, Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը անտեսող թուրք-ամերիկեան այս համաձայնութիւնը:

Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններու բարդ կացութիւնը պիտի մեղմանա՞յ թրքական ուժերու թափանցումով, թրքական ներկայութի՞ւնը ապահովական երաշխիք պիտի դառնայ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի քիւրտ, արաբ, քրիստոնեայ ողջ բնակչութեան համար: Իրականութիւնը հակառակ պատկերը պիտի պարզէ՝ պիտի վտանգուի երկրի հիւսիսային շրջանն ու տեղւոյն բնակչութեան ապահովութիւնը:

Թուրքիա սուրիական տագնապի սկզբնական շրջանի իր նախնական ծրագիրը չյաջողեցաւ իրագործել ու ապահովական գօտի մը հաստատել՝ հասնելու մինչեւ Հալէպ, օսմանեան իր երազներու գէթ մէկ մասը իրականացած տեսնելու եւ քրտական գործօնի ազդեցութենէն ձերբազատելու համար, բնականաբար Սուրիոյ ժողովուրդին հաշուոյն: Հիմա, ան ի գործ կը դնէ երկրորդ ծրագիրը, առնուազն Սուրիոյ եւ Իրաքի հիւսիսային կարգ մը շրջանները իր վերահսկողութեան տակ առնելու, միաժամանակ գոհացում տալու իսրայէլեան հեռանկարներուն, հատել փորձելով Իրանէն Սուրիա, ապա Լիբանան հասնող ազգային դիմադրութեան առանցքը:

ԱՄՆ կը փորձէ համաձայնութեան եզր մը գտնել երկու թշնամիներու՝ թուրքերու եւ քրտական կարգ մը միաւորներու միջեւ, պարզապէս իրանեան ազդեցութենէն զերծ պահելու այդ շրջանները: ԱՄՆ չէ հետաքրքրուած ո՛չ քրտական հարցով, ո՛չ Թուրքիոյ, ոչ ալ Սուրիոյ ապահովութեան երաշխիքներով: Ան պարզապէս իր արտաքին քաղաքականութեան յաջողութեան երաշխիքները կ՛որոնէ:

ԱՄՆ եւ Թուրքիա մինչեւ օրս տարակարծիք են ապահովական գօտիի սահմաններուն եւ խորութեան շուրջ իսկ: ԱՄՆ կը նախատեսէ սուրիական հողերուն վրայ 15 քլմ. խորութեամբ ապահովական գօտի հաստատել, մինչ Թուրքիա՝ 30-40 քլմ., միեւնոյն ժամանակ պահանջելով թրքական զինուորական ուժերուն ներկայութեան ապահովումը Սուրիա-Թուրքիա սահմանի երկայնքին:

Թրքական այսպիսի ներկայութիւն մը ոչ միայն ապահովական երաշխիք չի հանդիսանար Սուրիոյ ժողովուրդին համար, այլեւ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը կը վտանգէ:

Նման ոտնձգութիւն բնականաբար պիտի մերժուի ոչ միայն Սուրիոյ պետութեան, այլեւ ժողովուրդին կողմէ: Այն ժողովուրդին, որ վերջին տարիներուն ականատեսը դարձաւ սուրիական պատերազմին Թուրքիոյ չարաղէտ միջամտութեան, որուն հետեւանքով Սուրիոյ բնակչութեան ողբերգութեան՝ հիւսիսային շրջաններէն մինչեւ հարաւ, արեւելք ու արեւմուտք:

Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի բնակչութեան ապահովութեան միակ երաշխիքը սուրիական բանակն է: Երկրի բնակչութեան բոլոր շերտերուն ապահովութեան պիտի հսկէ ոչ թէ օտարը, այլ՝ երկրին օրինական բանակը, պետութիւնը:

Իւրաքանչիւր քայլ, որ կ’անտեսէ կամ ետ կը մղէ սուրիական բանակը, կը նպաստէ թրքական ծրագրերուն:

Ռուսիա-Սուրիա համակարգուած պաշտպանողական համակարգն է, որ հարցերուն լուծման ազդանշանը պիտի տայ վերջաւորութեան, նկատի առնելով գերտէրութիւններու քաղաքական շահերը, միաժամանակ վերականգնելով տարածաշրջանի մէջ Սուրիոյ ռազմաքաղաքական դերակատարութիւնը:

Յառաջիկայ օրերուն կարճաժամկէտ բախումներ կրնան տեղի ունենալ Սուրիոյ հիւսիսային սահմանին վրայ, սակայն այս բոլորը բանակցութիւններու նախապատրաստութեան պիտի ծառայեն պարզապէս:

«Գ.»