Այս շաբաթ մեր ընթերցասէր ընտրանիին կը ներկայացնեմ գեղապաշտ սերունդէն պոլսեցի բանաստեղծին՝ Վահան Թէքէեանի հատորը: Թէքէեան Եւրոպա դեգերելէ շուրջ 7 տարի ետք կեանքի բերած է իր երախայրիքը, որ լոյս տեսած է 1901-ին, «Հոգեր» խորագիրով: Հատորը 36 չափածոյ եւ 31 արձակ քերթուածներու հաւաքածոյ մըն է:
Թէքէեան հաւանաբար այս հատորը գրած է Կէօթէի հետեւողութեամբ, որ կ’արտացոլայ «Տենչանքները» հնչեակին մէջ. «Տենչանքէն վայելում կ’անցնիմ եւ վայելումին մէջ տենչանքին կը փափաքիմ»: Իսկապէս ալ ան սիրոյ քաղցր տենչանքով չյագեցող, ամպամած շփոթութիւններուն յորձանքը ընտրող ու անցեալի յուշերուն սիրահարուած երգիչն է:
Հոգին երբեմն քանդուած սիրոյ բեկորներուն մէջ բանտարկելով երջանկութեան գերագոյն գգուանքը կը զգայ, նոյնիսկ եթէ իր դիցուհիին մօտ հողակոյտի մը մէջ թաղուի ու երկուքը ըլլան «իրարմէ քայլ մը հեռու»… («Ուրախութիւն»):
Քերթուածները խաչմերուկ կազմելով ընթերցողը կը ներշնչեն անցեալի պատրանքով տանչուող, անցած-փախած սիրոյ յուշերով ապրող, «Երազներու Ալպոմը» թերթատող ու վայելքի անորոշ բուրումներու օծանքով սլացող երիտասարդ բանաստեղծին վառ զգացումներով:
Թէքէեանի առաջին ընթերցումները ռոմանթիք ուղղութեան հետեւող գրագէտներու գործերէն են, ինչպէս՝ Պէշիկթաշլեանի, Դուրեանի, Ալիշեանի, որոնք մեծ ազդեցութիւն գործած են իր վրայ: Ան մերժելով հանդերձ իրական կեանքը սեմպոլիստներու ազդեցութիւնը կրեց: Խորհրդանշաններով երեւոյթներուն թաքուն էութեան թափանցեց ու տուաւ մարդկային մտքին, հոգիին ու սրտին վրայ անոնց (երեւոյթներուն) թողած ազդեցութիւնը: Թէքէեան զորօրինակ՝ մթութեան մէջ անէացումով ու իր կեանքին ոչնչութեան գաղափարը յայտնելով շեշտը կը դնէ ցաւցնող այն իրականութեան վրայ, որ պիտի շարունակուի մինչեւ իր մահը: Բանաստեղծը իր այս տրամադրութիւնը սքանչելիօրէն կ’արտայայտէ «Խաւարին Սիրահար» արձակ քերթուածով ու կ’ըսէ. «Իմ ոչնչութեանս գիտակցութիւնը սակայն, մութին մէջ այնչափ որոշ էր՝ որ գոհացում մը կ’ըլլար ու անով թեթեւցած, յանկարծ, կը զգայի հիւլէի ծանրութեամբ իմ կեանքս փոխանակ քաշկռտուելու՝ կը թռչէր կը սահէր երկրի երեսը…»:
Միայն անկումային տրամադրութիւններով Թէքէեանի «Հոգեր» հատորը արժեւորելը անպարկեշտութիւն է: «Խաւարին Սիրահար» Թէքէեան հմուտ է լաւագոյն ձեւով արտայայտելու հոգեկան պահերու ելեւէջները, դիւթական տեսիլներու աշխարհէն՝ խինդի եւ գեղեցկութեան պատկերներով. «Իմ սէրս ջինջ առուակ մըն է, որ յուշիկ կը հոսի խոտերուն տակէն, ընդարձակ դաշտին մէջ…» («Խպնոտ Սէր»):
Հատորը լեցուն է սիրոյ առթած բաղձանքի ու կեանքի ողողուն երգերով: Անոնց կ’ընկերանան անհուր աչքեր, «Չորցած Աղբիւր» մը, թօշնած «Նարկիս» մը ու բարկութեամբ նետուած ճերմակ «Երիցուկներ»: Այս բոլորը թերթատելով կը նկատենք բանաստեղծին հոգեկան վերիվայրումները, իր կեանքի վերջալոյսին մօտալուտ բօթը, մութին ցայտուն գրաւչութիւնը, որ իր մթնոլորտով կը կազմէ «Հոգեր»ուն ամբողջութիւնը:
Իր սիրային բանաստեղծութիւններուն դրդապատճառն ու մեկնակէտը յաճախ եղած է անուն մը, ծաղիկի գոյն կամ բոյր մը, նայուածք մը, շարժում մը:
Բանաստեղծը խորանալով իր հոգիին դարբնոցին մէջ, հոնկէ դուրս բերած է մտքի կնիքով օժտուած հնչեակներ, ինչպէս՝ «Կարաւանը», «Պատրաստութիւն», «Վերյիշում», «Անձրեւ», «Ինքզինքս»: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր պատկերներով ու երբեմն խորհրդանշաններու շքեղութեամբ կը տպաւորեն ընթերցողը:
Պղատոնական սիրոյ գոհունակութիւնը յաճախ կը մեղմացնէ բանաստեղծին ճախրանքը ու այդ վիճակէն ելլելով աւելի կ’ամփոփուի ինքն իր մէջ, բայց յետադարձ ակնարկ մը կատարելով կը զղջայ իր չապրած օրերուն համար: Այս իմաստով կատարեալ ստեղծագործութիւն մըն է «Սիրոյ Կղզին» քերթուածը: Բանաստեղծը երազով կը բանայ սիրոյ դուռը , լուսաթաթախ հոգիով ամայութեան մէջ ինքնամփոփ՝ կը շարունակէ անանձնական ուրախութիւնը երգել այլոց դիտելով, բայց վերյիշելով սիրած էակը կը սկսի կանչել զինք.
«Սիրոյ կղզիէն ես նամակներ ու տաղեր ղրկեցի
Հեռաւոր իմ ընկերիս, բայց կղզիին ափունքին հասած
Մթնոլորտին բոցերուն մէջ կ’այրէին անոնք՝
Ճերմակաթեւ աղաւնիներ իմ հոգէս թռած…
Կ’ըսէի անոր ինչպէս զինք սիրելուս համար
Աւելորդ զգեստներուս նման պիտի նետէի
Ամբողջ հպարտութիւնս մէկդի…»
Քերթուածները ազնուական, մաքուր ու պայծառատես բանաստեղծի հոգւոյն հայելին են: Սփիւռքահայ բանաստեղծներուն մէջ սիրոյ քերթուածներու դափնեկիրն ու պղատոնական սէրը լաւագոյն ձեւով արտայայտող վարպետը Թէքէեանն է:
Լարա Արթին