Մարդկութեան սկզբնաւորութենէն ի վեր գոյութիւն ունեցած է ուսման յղացքը իր զոյգ եզրերով՝ ուսանիլ եւ ուսուցանել։ Այդ յղացքը կենսագործելու եւ արդիւնաւորելու առաջադրանքով մարդ էակը հանգրուանօրէն զայն (այդ յղացքը) ենթարկած է փոփոխութիւններու՝ թելադրուած իր ժամանակի եւ միջավայրի պայմաններէն։ Ուսումը՝ համաձայն հասարակութեան մէջ արմատաւորուած եւ ընդհանրացած զատորոշումի մը, բաժնուած է երկու տեսակներու։
– Առաջին՝ առանց գիտական կազմակերպումի եւ նախածրագրեալ մեթոտի կիրարկուող լայն ու տարտամ իմաստով ուսում մը։ Այս առնչութեամբ յիշենք օրինակ՝ մարդկային փոխյարաբերութիւններու, շրջագայութեանց եւ հետազօտութեանց ընթացքին ինքնաբերաբար իրականացած որեւէ ծանօթացումի կամ ճանաչումի արարք։
– Երկրորդ՝ կազմակերպ կառոյցով ու գիտական մեթոտի մը հետեւողութեամբ յատկանշուող համակարգեալ ուսում, որ առհասարակ կ’իրագործուի ուսումնական յատուկ հաստատութիւններու կամ վարժարաններու երդիքին տակ՝ պատշաճ ծրագրերու մշակումով։ Որպէս յղացք եւ իրագործում, ուսման այս երկրորդ տարբերակի գլխաւոր հիմնասիւները կը կազմեն՝ ուսուցիչը, ուսանողը եւ կրթական ծրագիրը։ Ներկայ յօդուածի գլխաւոր թիրախը, մտահոգութեան ու քննարկումի անմիջական եւ նախապատիւ առանցքը կը հանդիսանայ վերոյիշեալ երեք հիմնասիւներէն առաջինը՝ ուսուցիչը։
Մարդկային հաւաքականութեան կամ ընկերութեան մէջ ուսուցիչը միշտ ալ կենսական ու վճռորոշ դեր խաղացած է։ Սակայն, ըլլալով հանդերձ առանձնայատուկ նկարագրի տէր կերպար եւ առաջնորդող անձնաւորութիւն, դժբախտաբար կրթական մշակին առհասարակ վիճակուած է ոչ ասպարէզակից կամ ոչ մասնագէտ մարդոց տնօրինումին ենթակայ դառնալու անբարենպաստ ճակատագիրը, հանգամանք մը, որ պատճառ կը դառնայ այդ պատասխանատուներուն կողմէ ուսուցչի մտահոգութեանց ու կարիքներուն անտեսումին, ինչպէս նաեւ անոր արժանիքներուն, թէ ստանձնած պարտականութեանց թիւր ընկալումին ու անհամապատասխան գնահատումին, յաճախ զայն վերածելով խեղճ, անկշիռ ու անդիմագիծ մահկանացուի մը։ Այսպէս, կրթական մշակը հասարակութեան կը ներկայանայ անկախօրէն գործելու կամ նախաձեռնելու, եւ ուրեմն՝ որոշակիօրէն ներգործելու անատակ, անկարող, թոյլ ու մեղկ անհատականութեան մը պահուածքով, մինչդեռ իր գործունէութեան արդիւնքը կրնայ կազմել եւ պէտք է կազմէ քաղաքակրթուած ու մշակուած հաւաքականութեան մը կամ ընկերութեան մը ողջունելի էատարրը, խոնարհելի վաստակը։
Հայոց պատմութեան ողջ տեւողութեան վրայ յետադարձ ընդհանուր ակնարկով մը պիտի նկատենք ու հաստատենք, որ հայ ուսուցիչը տեւաբար գտնուած է յառաջապահ դիրքի վրայ։ Արդարեւ, ընդհանրապէս ասպարէզով ուսուցիչ եղած են գրերու գիւտի կերտիչներէն եւ առաջին թարգմանիչներու հոյլէն (Ս. Սահակ Պարթեւ, Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եւ անոնց աշակերտները) սկսեալ մինչեւ զարթօնքի ռահվիրաներն ու հայ յեղափոխութեան մարդակերտ առաքեալները։
Մեր ազգային պատմութեան ամենաճգնաժամային ու ամենատագնապալի փուլերուն անգամ, հայ ուսուցիչը հանդէս եկած է որպէս պայծառատես ու լուսամիտ մարգարէ մը, որ հայ ժողովուրդի նահանջող եւ դէպի անկում ընթացող ճակատագրական կացութիւնը դիմագրաւած է վճռականօրէն ու արիաբար՝ ձեռնարկելով ոչ միայն յաւելեալ նահանջի եւ գահավիժումի առաջքը առնող, այլ նոյնիսկ վերականգնում առաջադրող օգտակար ու կառուցողական միջոցառումներու։
Անտարակոյս, հայ ժողովուրդի վերածնունդէն, վերականգնումէն ու յառաջդիմութենէն տարբեր նպատակ չէին հետապնդեր մեր մեծագոյն ուսուցիչը՝ Մաշտոց, իր գրերու հրաշափառ գիւտով, զարթօնքի սերունդը իր լուսաւորչական ու ազգային սահմանադրական աշխատանքով եւ գաւառներու այն սքանչելի բազում հայորդիները՝ ուսուցման եւ դաստիարակութեան միջոցով իրենց ողջ գիտութիւնն ու կորովը անմնացորդ կերպով նուիրաբերելով։
Իրար պայմանաւորող ու զիրար համալրող անբաժանելի երրորդութիւն մը կը կազմեն կանոնակարգ ու կազմակերպ ուսման հիմնական երեք բաղադրիչները՝ ուսուցիչ, աշակերտ եւ կրթական ծրագիր։ Այսուհանդերձ, կազմակերպեալ ուսումնակրթութեան կեդրոնական դէմքը կը հանդիսանայ ուսուցիչը, որովհետեւ որքան ալ կատարելագործուած կրթածրագրեր մշակուին կամ ներգրաւիչ դասագրքեր պատրաստուին, առաւել եւս՝ որքան ալ դասաւանդման արդիական մեթոտներ կամ միջոցառումներ որդեգրուին, վերջին հաշուով անոնց գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ ուսումնադաստիարակչական ողջ աշխատանքին ղեկավարութիւնը վերապահուած է կրթական մշակին։ Առ այդ, առաւել օգտակար եւ արդիւնարար պիտի ստացուէր եթէ կրթական ծրագրերու մշակումն ու դպրոցական (տեսչութեան, ուսուցիչներու եւ աշակերտութեան վերաբերեալ) բոլոր տնօրինումները վստահուէին մանկավարժ ուսուցիչներու կամ կրթական ասպարէզին քաջածանօթ ու անոր խնդիրները, մտահոգութիւնները լաւապէս ընկալող, բաժնող մասնագէտներու։
Կեանքի թէ գիտութեան յառաջընթացին հետ քայլ պահելու, այդ յառաջխաղացքին հայթայթած նորագոյն գիտելիքները իւրացնելու եւ անոր թելադրած բարեկարգումները կրթական համակարգէն ներս ներմուծելու դժուար բայց քաղցր պարտականութիւնը բաժին ինկած է կոչումի տէր իրաւ ուսուցիչին։
Ուսումնադաստիարակչական ասպարէզին ծառայող մշակներու թէ պատասխանատուներու պատրաստութեան ու վերաորակաւորման հեռանկարով ձեռնարկուած սեմինարներ կամ դասընթացքներ, միաժամանակ՝ կրթական գիտաժողովներ եւ ուսուցչական համագումարներ, բնականաբար, մեծ օգտակարութիւն կրնան ունենալ վերոնշեալ աշխատանքները լաւագոյնս արդիւնաւորելու համար։ Այսօրինակ միջոցառումներու աշխարհագրական ընդգրկումի ծիրը, բնականաբար, կը մնայ սահմանելի բազմանման պայմաններու նկատառումով ու յարգումով։
Խաչիկ Շահինեան