Ամառը ակնթարթի տեւողութիւն կ’ունենայ հոս։ Հազիւ դպրոցները իրենց դռները փակած, կը սկսին շաբաթավերջի պտոյտները, «ամառնային ճամբար» դպրոցը, յետոյ վրայ կը հասնին տարեկան բանակումներն ու կրկին հասնելով Օգոստոսի վերջին շաբաթը՝ մարդիկ կը պատրաստուին դիմաւորել ուսումնական նոր տարեշրջանը։
Սակայն զարմանալին այն է, որ արձակուրդի երկրորդ շաբաթը չբոլորած, աշակերտին ծնողքը կը ստանայ ե-նամակ մը, որ կը տեղեկացնէ, թէ յառաջիկայ վերամուտի գրենական պիտոյքներուն ցանկը պատրաստ է եւ գնումներ կարելի է ընել, մանաւանդ որ շուկան ողողուած է դպրոցական պայուսակներով, մատիտներու եւ տետրակներու բազմապիսի գոյներով եւ չափերով։
Ակամայ դպրոցական քաղցր օրերս կը յիշեմ, երբ երկար ու հաճելի ամառ մը անցընելէ ետք, անհամբեր կը սպասէինք վերամուտին, որ ընդհանրապէս Սեպտեմբեր ամսուան երկրորդ շաբաթը կ’ըլլար։ Դպրոցին բակը խուռներամ բազմութիւն կը հաւաքուէր, աշակերտները գերխանդավառ տրամադրութեամբ կը շարունակէին իրենց տղայական չարաճճիութիւնները, մինչ առաջին դասարանցի փոքրիկները իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ, կարկամած քայլերով մուտք կը գործէին «մեծերուն դպրոցը»։
Մտապատկերիս առջեւ կ’ուրուագծուի վերամուտը։ Ահաւասիկ տնօրէնուհին կը յայտնուի եւ պաշտօնական ձեւով դպրոցին զանգը կը հնչեցնէ՝ բոլորը կարգի հրաւիրելով։ Տեսնէք պատէն գամուած խոշոր զանգակին ձայնը ի՜նչ մեծ ազդեցութիւն կը ձգէ աշակերտներուն վրայ։ Կը տիրէ քար լռութիւն ու յստակօրէն կը լսուի տնօրէնուհիին ձայնը, որ հանգիստ, սակայն յարգանք պարտադրող կշռոյթով բարի գալուստ կը մաղթէ իր զաւակներուն։ Ապա մէկիկ-մէկիկ կը հրաւիրէ ուսուցչուհիները, որոնք թուղթ մը բռնած կը յայտարարեն իւրաքանչիւր դասարանի անուանացանկը։ Հոս, աշակերտները իրենց շունչը բռնած կը հետեւին. Աստուած մի արասցէ, եթէ երկու ընկերուհի իրարմէ բաժնուին, կայծակի արագութեամբ արցունքի գետեր կը հոսին ու երկար-բարակ ողջագուրումներէ ետք իւրաքանչիւրը իր դասարանին շարքը կ’ուղղուի։
Տնօրէնուհին անգամ մը եւս խօսք կ’առնէ, այս անգամ բացատրելով դպրոցին ընդհանուր կարգ ու կանոնը։
Աշակերտները խումբ առ խումբ դասարան կը բարձրանան։ Հետաքրքրական պահ մըն ալ դասարան մտնելու արարողութիւնն է. տղաքը իրար հրմշտկելով կը փորձեն առաջինը մուտք գործել՝ դասարանին առաջին կարգի գրասեղանները գրաւելու համար. ինչ որ է, այդ մէկն ալ կարգի կը դրուի։
Դաստիարակը ներս կը մտնէ ու գրատախտակին վրայ կ’արձանագրէ գրենական պիտոյքներուն ցանկը, յետոյ կը բաժնէ դասագիրքերը եւ կը պատուիրէ թափանցիկ կողքով ծածկել զանոնք։
Դպրոցի առաջին օրը շուտով կ’աւարտի ու աշակերտները գոհ ու երջանիկ տուն կը վերադառնան։ Երջանիկ, որովհետեւ նոյն օրն իսկ մեծերու պէս գնումի պիտի երթան։
Կէսօրէ ետք, տեսնէիք գրատուներուն վիճակը, կարծէք մեղուափեթակներ ըլլան անոնք, խումբ մը ներս կը մտնէ, խումբ մը դուրս կ’ելլէ։ Այդ իրարանցումն ալ հաճելի կը թուէր ինծի, որովհետեւ յաճախ ընկերուհիներուս կը հանդիպէի ու գոհունակ ժպիտով մը կրկին զիրար կը բարեւէինք։
Գնումներուն բաւական երկար ժամանակ տրամադրելէ ետք յաղթական տուն կը հասնէինք՝ «թուղթ»ին վրայ նշուած բոլոր պահանջները լրացնելէ ետք։
Կը սկսէր աւելի հետաքրքրական արարողութիւն մը. մօրս օգնութեամբ գիրքերը կը կողքէի ամենայն բծախնդրութեամբ։ Կը ջանայի առանց հետք ձգելու կամ պղպջակներ գոյացնելու սահուն կողքով պատել գիրքերս, ապա կ’անցնէի տետրակներուն։ Անոնք ալ պէտք էր գոց կապոյտ գոյնով ծածկէինք եւ յետոյ պիտակ մը փակցնէինք իւրաքանչիւրին վրայ ու գեղեցիկ գիրով մեր անուն-մականունը, դասարանը եւ դասանիւթը արձանագրէինք։ Որքա՜ն բծախնդիր էի այս աշխատանքը կատարած պահուս։
Եւ այսպէս, աշխատանքը աւարտելէն ետք ես ու քոյրերս գիրքերն ու տետրակները հասակի կարգով կը տեղաւորէինք նոր ու գունաւոր պայուսակներուն մէջ եւ նախասենեակին մէկ անկիւնը դնելով զանոնք՝ կ’ուղղուէինք ննջասենեակ քնանալու։
Հիմա նոյն այդ խանդավառութեամբ դպրոցական նախօրէին կատարուելիք գնումները կ’ընեմ աղջկաս հետ, որուն հոգեվիճակն ու ուղղած հարցումները կը յիշեցնեն իմ մանկութեան անկրկնելի օրերը։
Բարի վերամուտ, սիրելի՛ աշակերտներ ու ծնողներ։
Շողիկ Ազարիկեան
2 Սեպտեմբեր 2019
Մոնթրէալ