Հին Յունաստանի մէջ Sophocle անունով իմաստասէր մը գրած է «Antigone» խորագիրով թատերգութիւնը: Անթիկոն հերոսուհի մըն է, որ դէմ ելած է իր հօրեղբօրը՝ Քրէոնին, երբ եղբայրը Քրէոնի դէմ պատերազմի ընթացքին նահատակուած է:

Քրէոն օրէնք մը կը հաստատէ, ըստ որուն՝ «ան որ իրեն դէմ է եւ դաւաճան է, պիտի չթաղուի» եւ կը հրահանգէ, որ անոնց դիակները անասուններուն կեր դարձնեն: Անթիկոն դէմ կ’ելլէ այս գաղափարին ըսելով. «Այն մարմինը որ մայրս ծնունդ տուած է, չեմ կրնար անասուններուն կեր դարձնել»: Ան իր եղբայրը կը թաղէ: Այսպիսով Անթիկոն դէմ կ’ելլէ թագաւորին օրէնքին: Քրէոն Անթիկոնը կը յանդիմանէ ըսելով. «Ինչ իրաւունքով դէմ կ’ելլես օրէնքներուս»: Անթիկոն կը պատասխանէ. «Շատ լաւ գիտեմ օրէնքդ, բայց ո՛չ դուն, ոչ ալ ուրիշը կրնայ աստուածներու օրէնքներուն դէմ դնել»: Քրէոն սաստիկ կը զայրանայ այս պատասխանէն եւ սպանել կու տայ Անթիկոնը:

Սոյն պատմութիւնը շատ լաւ օրինակ մը կրնայ հանդիսանալ՝ խօսելու արդարութեան, իրաւունքի եւ ուժի մասին:

Արդարութիւնը օրէնքներու բացարձակ յարգանքն է: Այսինքն արդար է այն անձը, որ օրէնքները կը յարգէ: Այլ խօսքով, երբ մարդ արարածը պետութեան կամ այլ հաստատութիւններու կողմէ իրեն համար սահմանուած օրէնքները կը յարգէ եւ կը գործադրէ զանոնք, կը տիրանայ իր իրաւունքին ու արդարութեան:

Սակայն, այստեղ հարց մը կը ծագի, որ մարդկային կեանքի շրջանակէն ներս միշտ գոյութիւն ունեցած է, ունի եւ պիտի ունենայ տեւաբար: Եթէ օրէնքները արդար չեն, ինչպէ՞ս կարելի է բնորոշել արդարութիւնը:

«Արդար է այն մարդը, որուն ուժը տիրական է»: Այս խօսքը կը պարզէ, թէ իրաւունքը եւ արդարութիւնը հիմնուած են ուժի վրայ: Շատ պարզ օրինակներ կարելի է տալ մեր կեանքէն: Երբ նախարարի մը զաւակը սխալ արարք մը գործէ իր նմանին հանդէպ,և զորօրինակ ինքնաշարժի արկածի մը պատճառ դառնայ,և շատ դիւրութեամբ անմեղ կը յայտարարուի, որովհետեւ ան է տիրականը, ան է զօրաւորը, իսկ իր նմանը, որ անմեղ է՝ անարդարօրէն կը պատժուի: Համոզի՞չ է ուրեմն այն երգը, որ կ’ըսէ. «Իրաւունքը ուժն է միայն»: Եթէ զօրաւոր ես, կը նշանակէ դուն ես իրաւացին եւ արդարը, իսկ եթէ տկար ես, կը նշանակէ ծառայ ես: Այս գաղափարը կ’արտացոլայ Անթիկոնի եւ Քրէոնի պատմութեան մէջ:

Մեծագոյն իմաստասէրներէն Ժան Տը Լա Ֆոնթէն հետեւեալը կ’ըսէ. «Զօրաւորին պատճառաբանութիւնը միշտ լաւագոյնն է»: Այս խօսքը շատ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ մարդկային կեանքին մէջ: Պետութիւններէ ներս մարդիկ կ’աշխատին տիւ ու գիշեր իրենց հայրենիքին եւ ընտանիքին համար, սակայն միւս կողմէն, պետութիւնը իր ժողովուրդին մարդկային կարիքները չի յոգար: Ժողովուրդին պարանոցն ալ պետութեան ձեռքը ըլլալով, ան միշտ ենթակայ կը մնայ պետութեան, որ ուժով կը կառավարէ երկիրը: Այս իրողութեան լաւագոյն օրինակը հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութիւնն է: Հայ ժողովուրդը ստրուկ էր թրքական տիրապետութեան տակ, չունէր ազատութիւն, արդարութիւն եւ իրաւունք: Ենթակայ էր թրքական պետութեան անարդարութեան ու բռնատիրութեան: Ցեղասպանութենէն ետք, հայ ժողովուրդի արդարութեան մարտիկները վրէժխնդրական արարքներով պատժեցին օսմանեան դահիճները՝ «ակն ընդ ական, ատամ ընդ ատաման» օրէնքը հաստատելով:

Իրաւունքը եւ արդարութիւնը միշտ զօրաւորին կողմն են: Այս գաղափարը 2500 տարի առաջ երկու սոփեստներ՝ Կորճիաս եւ Քալիլինես, կը հաստատէին:

Մաքիավէլլի իր «Իշխանը» գիրքին մէջ կը հաստատէ, թէ իշխանը ամէն ձեւով պէտք է իշխան մնայ, իշխանը իրաւունք ունի ոտնակոխելու ամէն տեսակ արարածներ, որպէսզի իշխան մնայ: Մաքիավէլլի դիտել կու տայ, թէ ամէն ջանք պէտք է թափել հասնելու մեր նպատակին: Թէ ի՛նչ կը պատահի ուրիշին, կարեւոր չէ, կարեւորը մեր նպատակն է:

Արդարութիւնը մարդոցմէ շատ աւելի բարձր բան մըն է, այլ խօսքով արդարութիւնը Աստուածային է եւ ոչ մէկ մահկանացու կրնայ այդ արդարութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնել:

Աստուած միշտ արդար եղած է, եւ միշտ ալ այդպէս կը մնայ իր որդիներուն հանդէպ, որովհետեւ Արարիչը արդար էր նախքան մարդը ստեղծելը: Եթէ արդար չըլլար, չէր ստեղծեր: Աստուած արդար էր նախքան ստեղծագործութիւնը, Աստուած արդար էր ստեղծագործութեան ընթացքին եւ ստեղծագործութենէն ետք: Աստուած արդար էր ստեղծագործութենէն ետք, որովհետեւ Ադամին եւ Եւային արդարօրէն պատժեց, երբ անոնք իր սահմանած օրէնքը չգործադրեցին: Աստուած պատիժէն ետք ալ արդար էր, որովհետեւ Ադամին եւ Եւային իրենց մեղքերը քաւելու ձեւը բացատրեց:

Աստուած այնքան արդար էր, որ Սոդոմի եւ Գոմորի կործանումէն առաջ, արդար անհատ մը փնտռեց, որպէսզի փրկէ տեղւոյն ժողովուրդը, սակայն արդար անհատ մը չգտնելով ամբողջ քաղաքը կործանումի ենթարկեց:

Աստուածաբանութեան մէջ կը հանդիպինք յունարենէով Theodicee՝ Աստուծոյ արդարութիւն գաղափարին:

Theodicee-ը կը մերժէ աշխարհի մէջ ամէն գէշ բան Աստուծոյ վերագրելը: Երբ մարդ, զորօրինակ, երեք զաւակ ունի, երկուքը առողջ եւ լաւ վիճակի մէջ են, սակայն երրորդը տկար է, այդ մէկը Աստուծոյ կը վերագրուի, որովհետեւ Ան է Արարիչն ու Ստեղծիչը: Մարդիկ չեն մտածեր, թէ առողջական հարցեր կրնան ունենալ:

Ինչպէս որ Աստուած մարդը դատեց իր հաստատած օրէնքներուն համաձայն, այնպէս ալ մեր երկրաւոր կեանքին մէջ մարդը պէտք է դատուի իր ղեկավարներուն կողմէ սահմանուած օրէնքներով:

Արդարութիւնը կը թարգմանուի եւ կը մարմնաւորուի օրէնքներով: Ան կը հիմնուի իրաւունքներու վրայ:

Արդարութիւնը կը մերժէ համայնական արդարութեան գաղափարը, որովհետեւ մարդիկ հաւասար չեն:

Արդարութիւնը արժէքներու վրայ չի հիմնուիր, որովհետեւ նման պարագայի ան կախեալ կ’ըլլայ արժեւորող անձէն:

Արդարութիւնը կը հիմնուի օրէնքներու վրայ, հետեւաբար արդարութեան ողորմութեան գաղափարով մօտենալը սխալ է, որովհետեւ ողորմութիւնը եւ արդարութիւնը տարբեր հասկացութիւններ են: Արդարութիւնը առարկայական է, որովհետեւ օրէնքներու վրայ հիմնուած է, մինչդեռ ողորմութիւնը ենթակայական է: Այլ խօսքով՝ ես իմ ազատ որոշումով եւ կամքով է որ կ’որոշեմ, թէ ողորմութիւն պիտի ընե՞մ թէ ոչ: Չկայ օրէնք, որ կը պարտադրէ ողորմութիւն ընել: Արդարութիւնը հիմնուած է իրաւունքի վրայ, մինչդեռ ողորմութիւնը հիմնուած է սիրոյ եւ բարութեան վրայ: Արդարութիւնը կրնայ տիեզերական ըլլալ, սակայն ողորմութիւնը յարաբերական է:

Ուրեմն արդարութիւնն ալ յարաբերական է: Ինչպէ՞ս կարելի է արդարութիւնը բացարձակ համարել, երբ պետութիւններու կողմէ մշակուած օրէնքները տարբեր են:

Արդարութիւնը բացարձակ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ օրէնքները կը փոխուին՝ ըստ տեղին, ժամանակին, վիճակին եւ մտայնութեան: Ինչ որ արդար կը համարուի այսօր, վաղը կրնայ անարդար համարուիլ, որովհետեւ մտայնութիւնները կը փոխուին: Երկիրներ կան, որոնց օրէնսդրութեան մէջ մահապատիժը արտօնուած է, իսկ այլ երկիրներու՝ ո՛չ:

Եզրակացնելով ըսենք, որ արդարութիւնը երբեք պէտք չէ հիմնել ուժի վրայ: Աւելի լաւ է ուժ տալ արդարութեան, քան թէ իրաւունք՝ ուժին, ու փորձել այնպէս մը ընել, որ արդարութիւնը կիրարկուի: Փասքալ կ’ըսէ. «Արդարութիւնը առանց ուժի երազանք է, իսկ ուժը առանց արդարութեան՝ բռնատիրութիւն»: Ուժը պէտք է գործածել միայն արդարութիւն կերտելու եւ մեր իրաւունքները հաստատելու համար, ոչ թէ մեր «արդարութիւնը» հաստատելու եւ ուրիշները զրպարտելու համար: Երբ արդարութիւնը տեւաբար ուժի վրայ հիմնուի եւ գործադրուի «ակն ընդ ական, ատամն ընդ ատաման» գաղափարը, Մահաթ Մա Կանտիի ըսածը կ’ըլլայ՝ «աշխարհի վրայ երկու աչք եւ երկու ականջ ունեցող մարդ չի մնար»: 

Սարգիս Սարգիսեան