ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՊԱՍՔԵԹԷՆ
-Երկուշաբթի օր Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Պասքեթի Դաշնութեան անդամական ընդհանուր ժողովը, ուր քննարկուեցան ակումբները հետաքրքրող հարցերը եւ դաշնութեան աշխատանքները՝ իրենց դրական եւ ժխտական կողմերով:
-Անցեալ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ Հալէպի պասքեթի փոքր աղջկանց բարեկամական մրցաշարքը, որուն աւարտին ախոյեան դարձաւ Հուրիէն, անոր յաջորդեց ՀՄԸՄ-ի աղջկանց կազմը:
-Սուրիոյ Պասքեթի Դաշնութիւնը յայտարարեց 2019-2020 տարեշրջանի մրցաշարքերու ժամանակացոյցը: Պասքեթի տղոց եւ աղջկանց մրցումները պիտի սկսին 1 Դեկտեմբեր 2019-ին եւ աւարտին 15 Ապրիլ 2020-ին:
-Հալէպի պասքեթի տղոց պատանեկան հաւաքականը տիրացաւ Սուրիոյ քաղաքներու հաւաքականներու ախոյեանութեան: Հալէպի հաւաքականին մաս կազմեց ՀՄԸՄ-ի խաղացող Յարութ Մաւեանը:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ

 

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵՑ ՊՈՍՆԻԱՆ 
Եւրոպայի ֆութպոլի 2020 թուականի առաջնութեան որակաւորման հերթական փուլի մրցումներու շրջագիծին մէջ, Հայաստանի հաւաքականը Վազգէն Սարգսեանի անուան Հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Պոսնիա Հերսեքովինայի հաւաքականը եւ յաջողեցաւ պարտութեան մատնել զայն 4 – 2 արդիւնքով: Մրցումի տեւողութեան Հայաստանի մարզիկները իշխեցին խաղարկութեան: 3-րդ վայրկեանին Հենրիկ Մխիթարեան կատարեց կոլերուն բացումը, որմէ տասը վայրկեան ետք Էտին Ճիքօն հաւասարեցուց արդիւնքը: Երկրորդ կիսախաղին հայերը շարունակեցին իրենց յարձակումները: Մխիթարեան արձանագրեց իր ու հաւաքականին երկրորդ կոլը, բայց ուրախութիւնը շատ երկար չտեւեց եւ չորս վայրկեան ետք մրցակից խումբը նշանակեց հաւասարութեան կոլը: Յովհաննէս Համբարձումեան Հայաստանի երրորդ կոլով իր ներկայութիւնը փաստեց դաշտին վրայ: Նախքան մրցումին աւարտը, Պոսնիոյ խումբէն Լոնչար, Մխիթարեանէն եկած գնդակը սխալմամբ ուղղեց իր կազմին դարպասը՝ նշանակելով Հայաստանի չորրորդ կոլը: Անցեալ Հինգշաբթի, նոյն մարզադաշտին վրայ, Հայաստանի հիւրը դարձաւ Իտալիան: Մրցումը վերջ գտաւ 3-1 արդիւնքով՝ ի նպաստ Իտալիոյ: Հանդիպումը սկսաւ հայ մարզիկներու աշխուժ խաղարկութեամբ: Անոնք 11-րդ վայրկեանին յաջողեցան ցնցել մրցակիցին դարպասը Ալեքսանտր Կարապետեանի կոլով: Կոլէն ետք, իտալացիները ամբողջ կազմով անցան յարձակողականի: Զոյգ կազմերու խաղացողներուն միջեւ լարուած մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ: Իտալիոյ հաւաքականի կազմէն դեղին քարտ ստացաւ Վերաթին, իսկ Հայաստանէն՝ Ղազարեանն ու Կարապետեանը: 27-րդ վայրկեանին Իտալիոյ հաւաքականը վերաշխուժանալով նշանակեց հաւասարութեան կոլը՝ Անտրիա Պելոթիի հարուածով: Նախքան դադարը, Հայաստանի կազմէն Ալեքսանտր Կարապետեան երկրորդ դեղին քարտը ստացաւ եւ կարմիր քարտով հեռացաւ դաշտէն:
Երկրորդ կիսախաղին, խաղարկութեան ոճը ամբողջովին փոխուեցաւ: Իտալացիները տիրապետեցին խաղարկութեան: 77-րդ վայրկեանին Լորենցօ Պելեկրինիի հարուածով արձանագրուեցաւ Իտալիոյ երրորդ կոլը, որմէ երեք վայրկեան ետք Պելոթին արձանագրեց իր երկրորդ, իսկ հաւաքականի երրորդ կոլը: Կիրակի օր, նոյն դաշտին վրայ, Հայաստանի հիւրը դարձաւ Պոսնիա Հէրսեքովինայի հաւաքականը:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

 

ՏԻ ԽԻԱՆ ՊԻՏԻ ԼՔԷ ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԻՒՆԱՅԹԸՏԸ
Կիրակի օր անգլիական Մանչեսթըր Իւնայթըտի դարպասապահ Տէյվիտ Տի Խիան պաշտօնապէս յայտարարեց, որ յառաջիկայ ամրան փոխադրաշրջանինպիտի հեռանայ անգլիական կազմէն: Թուրինի Ճուվենթուսը կը նախատեսէ անվճար ձեռք բերել սպանացի դարպասապահը։ Ըստ Sky Sports-ի, Խիա կրնայ փոխարինել Աթլեթիքօ Մատրիտի դարպասապահ Եան Օպլակը, ստանձնելով «կարմիր սատանաներ»ու բերդի պաշտպանութեան պատասխանատութիւնը: Աւելցնենք, որ Եան Օփլակիի պայմանագիրը Աթլեթիքոյի հետ նախատեսուած է մինչեւ 2023 թուական: Այս պատճառով անգլիական ակումբը դժուարութիւն պիտի գտնէ Օպլակը միացնելու կազմին:
ՀԵՆՐԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱՑԱՒ ՌՈՄԱՅԻՆ
Հայաստանի հաւաքականի խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեան, մէկ տարուան համար, միացաւ Իտալիոյ մայրաքաղաքի Ռոմա խումբին: Մխիթարեան բժշկական քննութիւնները յաջողութեամբ անցընելէ ետք ստորագրեց իր պայմանագիրը: Ըստ փոխանցուած տեղեկութիւններու, իտալական ակումբը մէկ տարի ետք իրաւունք պիտի ունենայ գնելու Մխիթարեանը:
Այս շրջանին հայ մարզիկը պիտի ստանայ տարեկան 3,5 միլիոն եւրօ: Իտալական Ռոմա ակումբի երէց խաղացող Ֆրանչեսքօ Թոթի խօսելով Մխիթարեանի մասին ըսաւ. «Մխիթարեան կրնայ որակ ապահովել խումբին: Անոր տեղափոխութիւնը լաւ քայլ է: Ան վերջին շրջանին Արսենալին մաս չկազմեց, սակայն լիայոյս եմ, որ Հռոմի մէջ հանգիստ տարի մը կ’անցընէ»:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան