Յաճախ երբ D կենսանիւթի անուան հանդիպինք, կը խորհինք արեւուն եւ Calcium-ին (կրածինին) հետ անոր կապակցութեան մասին։ Այո՛, D կենսանիւթը սերտօրէն աղերսուած է կրածինին եւ արեւուն հետ, բայց նոյնքան կապ ունի մարմնի աճին, դիմադրողականութեան, ծանրութեան եւ առողջութեան հետ։
1.- D կենսանիւթը եւ կրածինը
D կենսանիւթը կը պատկանի այն խումբին, որ կը լուծուի ճարպերուն մէջ։ Այս պատճառով D կենսանիւթով հարուստ ուտեստեղէնները կը պարունակեն ճարպեր։
Մեր մարմինին Cholesterol-ը (մաղձաճարպը) մեծ դեր ունի D կենսանիւթի կառուցման մէջ, անշուշտ արեւուն ներկայութեան։ D կենսանիւթը կ’օգնէ նաեւ կրածինի ներծծման։ Այս պատճառով ալ ան շատ կարեւոր է ոսկորներուն համար։
D կենսանիւթի ներծծումը կը նուազի այն անձերուն մօտ, որոնք ունին մարսողութեան, լիարդի կամ երիկամներու հարցեր։
50-էն վար տարիքին մեր մարմինը օրական պէտք ունի 600 IU. D կենսանիւթի։ Մարմնին կարիքը կը բարձրանայ 50-էն ետք եւ կը հասնի 700 IU-ի։
Օրական 15 վայրկեան արեւուն ենթարկուիլը բաւարար է ստանալու համար D կենսանիւթի մեր օրական պահանջը,անշուշտ ճշգրիտ սննդականոնի հետեւելով մէկտեղ։Փոքրիկներուն կարիքը կը տարբերի մարմինէ մարմին։ Անոնց D կենսանիւթ պէտք է տրուի բժիշկի հսկողութեան տակ, բայց պէտք է ուշադիր ըլլալ, որ փոքրիկը 3 տարեկանէն ետք, օրական խմէ առնուազն 2 գաւաթ կաթ, որպէսզի ստանայ իր օրական անհրաժեշտ կրածինը։ Նախընտրելի է օգտագործել D կենսանիւթով հարուստ կաթի տեսակներ։
Երբ մեր մարմինը կ’ունենայ D կենսանիւթի կարիք, ինքնաբերաբար կ’ունենայ նաեւ կրածինի կարիք։
2.- D կենսանիւթը եւ ծանրութիւնը
Ըստ ուսումնասիրութիւններու, երբ մենք կը ստանանք մեր օրուան անհրաժեշտ կրածինը եւ D կենսանիւթը, կը կարգաւորուի մեր ախորժակը եւ սա կ’օգնէ, որ մեր մարմինը աւելի արագ այրէ ճարպերը։ Այս պատճառով բոլոր անոնք, որոնք կ’ուզեն իրենց ծանրութիւնը նուազեցնել եւ չգիրնալ, նախընտրելի է, որ սննդականոնի հետեւելէ առաջ վստահ ըլլան, թէ կը ստանա՞ն իրենց օրուան կրածինի պահանջը եւ արեան քննութեամբ ստուգեն D կենսանիւթին քանակը։
Մեր օրական կրածինի կարիքը1000 մկ. է, որ մօտաւորապէս 3 գաւաթ կաթի կամ մածունի համազօր է։
– Ինչպէ՞ս իմանալ, որ մեր մարմինը D կենսանիւթի նուազումէն կը տառապի
Ընդհանրապէս D կենսանիւթի նուազ ըլլալուն հետեւանքով կը յառաջանան յոգնածութիւն, մկաններու եւ յօդերու ցաւ, բայց ճշգրիտ արդիւնք ստանալու համար անհրաժեշտ է արեան քննութիւն կատարել։
-Ո՞ւր կը գտնուի D կենսանիւթը եւ որքա՞ն է մեր օրական կարիքը
 D կենսանիւթով հարուստ ուտելիքները քիչ են։ Ան կը գտնուի առաւելաբար ձկնեղէնին մէջ։ D կենսանիւթով հարուստ է յատկապէս Salmon-ը, ետքը Ton-ը եւ sardine-ը, որոնցմէ ետք կու գայ հաւկիթը եւ D կենսանիւթով զօրացուած կաթն ու պանիրը։ Գոյութիւն ունին D կենսանիւթի զանազան դեղահատեր, զորս կրնանք օգտագործել բժիշկի հսկողութեան տակ, որովհետեւ D կենսանիւթին քանակը բարձր ըլլալու պարագային կ’աւելնայ կրածինի ներծծումը եւ այս մէկը յառաջ կը բերէ կրածինի կուտակում մեր մարմինի միւս օրկաններուն մէջ ու աստիճանաբար կը փճացնէ զանոնք։
Շաղիկ Գաբրիէլեան