«Թերթ».-Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան յայտարարած է, որ պատրաստ է ընդունելու Ռուսաստանի, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի ղեկավարներու մասնակցութեամբ խորհրդաժողով մը` Սուրիական Իտլիպ քաղաքին մէջ տիրող իրավիճակը եւ ներգաղթեալներու հարցերը քննարկելու համար:

Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Իպրահիմ Քալըն աւելի ուշ տեղեկացած էր, որ առաջնորդներու երկրորդ քառակողմ խորհրդաժողովը Սուրիոյ հարցով նախատեսուած է կատարել Իսթանպուլի մէջ Օգոստոսի վերջը կամ Սեպտեմբերի սկիզբը:

Նուր Սուլթանի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն յետոյ Իտլիպի մէջ 2 Օգոստոսին ուժի մէջ մտած է հրադադարը: Սուրիոյ զինեալ ուժերու հրամանատարութիւնը յայտարարած էր, որ մարտական գործողութիւնները պիտի դադրեցնէ, եթէ Թուրքիան 2018-ին Սոչիիի մէջ պայմանաւորուած ռուս-թրքական համաձայնութեան հիման վրայ կատարէ իր պարտաւորութիւնները: Առանցքային կէտը կը հանդիսանայ ծանր եւ միջին սպառազինման` 20 քմ. հեռացումը Իտլիպի ապառազինուած գօտիէն: