«Երկիր».-13 Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան-Եւրոմիութեան Մուտքի արտօնագրերու դիւրացման նպաստող միատեղ կոմիտէի 5-րդ նիստը, որուն կը նախագահէին ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Եւրոպայի Վարչութեան պետ Տիգրան Սամուէլեանն ու Եւրոպական յանձնաժողովի Տեղափոխութեան եւ ներքին գործերու գլխաւոր տնօրինութեան մուտքի արտօնագրերու քաղաքականութեան եւ փաստաթուղթերու անվտանգութեան բաժինի պետի տեղակալ Տիետերիկ Պալման:
Կողմերը յայտնեցին ՀՀ-ԵՄ Մուտքի արտօնագրերու դիւրացման մասին համաձայնագիրի կիրարկման գործընթացով գրանցուած յառաջընթացը եւ քննարկեցին հետագայ քայլերը` ուղղուած համաձայնագիրի լիարժէք իրագործման եւ արդիւնաւէտութեան առաւել բարձրացման: Անոնք նաեւ քննարկեցին համապատասխան վիճակագրութիւնը, ինչպէս նաեւ վեր առին Համաձայնագիրի կիրարկման վերաբերող շարք մը հարցեր` մասնաւորապէս, նկատի առնելով ԵՄ անդամ պետութիւններու հիւպատոսութիւններէն/անցագրերու կեդրոններէն մուտքի արտօնագրերու համար դիմելու եւ ստանալու գործընթացին մէջ եղած դժուարութիւնները:
Ներկայացուեցան համապատասխան ոլորտներու մէջ արձանագրուած վերջին դրական փոփոխութիւնները եւ միտումները:
Շեշտուեցաւ փոխադարձ ջանքերու շարունակական գործադրման կարեւորութիւնը` ուղղուած քաղաքացիներու շարժունակութեան խթանման, անկանոն տեղափոխութեան դէմ պայքարին եւ պատեհ ժամանակին Մուտքի արտօնագրերու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան ընթացք առնելուն: