«Ասպարէզ».- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը Չորեքշաբթի, 11 Սեպտեմբերին ջախջախիչ մեծամասնութեամբ (33-0 եւ 7 ձեռնապահ) վաւերացուց թիւ 1320 բանաձեւը, որ կը պահանջէ նահանգային ներդրումները յետս կանչել Թուրքիայէն:

Յիշենք, որ նահանգային խորհրդարանը Մայիսին միաձայնութեամբ վաւերացուցած էր այս բանաձեւը, զոր ներկայացուցած էր խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան:

Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը եւ խորհրդարանը 2018-ին վաւերացուցած էին նման բանաձեւ մը (թիւ 1597), սակայն նահանգապետ Պրաուն վեթոյի ենթարկած էր զայն:
Ատրին Նազարեան ողջունեց Ծերակոյտին կողմէ բանաձեւին վաւերացումը եւ շեշտեց, թէ բանաձեւը յստակ պատգամ մըն է Անգարայի իշխանութեանց, որ պէտք է դադրեցնեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու քաղաքականութիւնը՝ յիշեցնելով, որ բանաձեւին մէջ յստակօրէն կը շեշտուի, որ վերջ պէտք է դնել Թուրքիոյ այդ նենգ քաղաքականութեան:
Բանաձեւը կ՛առաջադրէ նահանգի ներդրումները ետ քաշել Թուրքիայէն՝ իբրեւ հակազդեցութիւն Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի վարքագիծին: Անիկա յատկապէս կ՛արգիլէ Քալիֆորնիոյ պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու թոշակներու հիմնադրամներուն (CalPERS եւ Cal-STRS) որեւէ ներդրում կատարել թրքական կառավարութեան պատկանող կամ անոր կողմէ կառավարուող կամ անոր հետ աղերս ունեցող տնտեսական ձեռնարկութիւններու մէջ:
Անիկա նաեւ կ՛արգիլէ նոր ներդրումներ կամ ներդրումներու նորոգութիւն կատարել։
Այժմ բանաձեւը պէտք է ստորագրուի նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի կողմէ, ի զօրու դառնալու համար։
Բանաձեւին մէջ կը շեշտուի նաեւ, որ Թուրքիա Քալիֆորնիոյ կատարած ներդրումներէն յատկանշական շահեր կ՛ապահովէ, եւ որ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու ջանքերուն առնուազն մէկ մասը կը հովանաւորուի նշեալ ներդրումներուն պատճառած շահերով:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան ողջունեց բանաձեւին վաւերացումը Ծերակոյտին կողմէ՝ յոյս յայտնելով, որ նահանգապետը կը ստորագրէ զայն: Ան յիշեցուց, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը վերջին քանի մը տարիներուն, այս արշաւին (DivestTurkey) համար մօտէն կը գործակցի Հայ Երիտասարդ Դաշնակցութեան, Հայ ուսանողական միութիւններու եւ Քալիֆորնիոյ նահանգի օրէնսդիր մարմինին հետ:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը շարունակաբար հերքող Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու սոյն քայլը մշակուած էր Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ Հայ ուսանողական միութիւններուն կողմէ, որոնք ապահովեցին անոր վաւերացումը Քալիֆորնիոյ համալսարանի 9 մասնաճիւղերուն մէջ: