«Ասպարէզ».- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը նամակարշաւի մը նախաձեռնած է, Օգոստոսի իրենց արձակուրդէն վերադարձած Քոնկրեսին ղեկավարութենէն եւ այլ քոնկրեսականներէ պահանջելու համար, որ նեցուկ կանգնին Արցախի ժողովուրդին ապահովութիւնը երաշխաւորող եւ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց նիւթական յաւելեալ աջակցութիւն ապահովող ջանքերուն։

Հայ Դատը կոչ կ՛ուղղէ ամերիկահայութեան, որ anca.org/takeaction կայքին կապուելով՝ իր գործնական մասնակցութիւնը բերէ Արցախի ժողովուրդին բարօրութիւնը երաշխաւորող սոյն նախաձեռնութեան։