Այնճարի 80-ամեակի տօնակատարութիւնները յոբելենական կլոր տարեթիւի հանգամանքի տրամաբանութեամբ կ՛առանձնանան հերթական Խաչվերացի տօնի նշումներու շարքէն եւ իրենց տարողութեամբ իւրայատկութեան բնութագիր կ՛ապահովեն:

Գերաշխուժ շաբաթ մը ամբողջ` կրօնական, մշակութային, փառատօնային, կրթական ոլորտներով, ո՛չ միայն շաբթուան ընթացքին սփիւռքահայ գիւղը կը դարձնէ ուշադրութեան կիզակէտ, այլ նաեւ հեռանկարներու մասին պայծառ ուրուագծումներ կատարելու իրողութիւնը կը շեշտէ:

Պատմական ժամացոյցի վերանորոգուած աշտարակի բացում, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ 60-ամեակ եւ այդ ծիրին մէջ  փայտեայ խաչի զետեղում եւ Վահան Ա. քհնյ. Քենտիրճեանի կիսանդրիի բացում, «Այնճար 1939-2019. Մուսա լերան վերակառուցում Լիբանանի մէջ»  ուսումնասիրութեան ներկայացում ու տակաւին ժողովրդային տօնախմբութիւն, Արուեստի գործերու ցուցասրահի բացում, Մուսա լեռ-Այնճար ազգագրական թանգարանի բացում, աւանդական տոհմիկ երեկոյ, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի հիմնադիր տնօրէն Գրիգոր Գուտուլեանի հարթաքանդակի բացում, Ս. պատարագ եւ կրօնական արարողութիւններ` կու գան ամբողջացնելու 80-ամեակի առիթով նախատեսուած ձեռնարկներու շարքը:

Հետեւողը նկատած պիտի ըլլայ արդէն, որ փառատօնային ձեռնարկներուն առընթեր մնայուն հանգամանք ունեցող ծրագիրներ կ՛իրականանան այս ձեւով, ինչ որ Այնճարի նկատմամբ հեռանկարայնութեան համոզում կը փոխանցէ: Գիւղի զարգացումը առաջադրող, համահայկական քարտէսին վրայ Այնճարի իւրայատուկ տեղ ունեցած ըլլալու իրականութեան իմաստին իրազեկ ամբողջ մեքենայ մը կը բանի օրն ի բուն` Այնճարի ո՛չ միայն հայեցի դիմագիծի պահպանման, այլ նաեւ զարգացման առաջադրանքներուն ընդառաջ:

Հայկական սփիւռքը հայկական գիւղի երեւոյթին հազուագիւտ պարագաներ ունի: Առաջինը պատմականօրէն մուսալեռցիներուն բնօրրանային մնացորդացն է Վաքըֆ գիւղի տեսքով, երկրորդը դարձեալ բնօրրանային  կարգավիճակով գոյամաքառութեամբ պահպանուող Քեսապը եւ ` Մուսա լերան շառաւիղ Այնճարը: Առաջինը պատմաքաղաքական պայմաններու բերումով մնացորդացային գոյութեան կառչածութեան վառող-հալող մոմի պատկերը կը պարզէ` այդ պայմաններուն մէջ իսկ աւանդութիւնները վառ պահելու վճռակամութիւն դրսեւորելով:

Պատմական Քեսապը, յատկապէս սուրիական պատերազմին իբրեւ հետեւանք նախկին վիճակը չի պարզեր. բնակչային միատարրութեան խախտումէն մինչեւ արտահոսք  փաստացի իրականութիւններ են, որոնց դիմաց մնացողները դժուարութիւններու յաղթահարման միջոցներու որոնումով ու նուիրումով  կը շարունակեն արդէն իսկ խառն բնակչութիւն ունեցող հայկական գիւղին դիմագիծը կարելի եղածին չափ պահպանելու աշխատանքները:

Հայկական միատարր գիւղի եւ անոր յատուկ դիմագիծի պայծառութեամբ կը շարունակէ ապրիլ, շնչել եւ արարել Այնճարը: Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ նոյնանման դժուարութիւններ բերող մակընթացութիւններ չեն երեւիր դէպի Պեքաայի հայկական աւանը: Շրջապատ եւ անոր հետ կապուած  կրօնական եւ մշակութային տարբերութիւններ, տնտեսական տագնապի բերումով հողատարածքներու վաճառքի վտանգի աստիճանաչափի բարձրացման միտումներ, շրջապատին մէջ ովասիսի կարգավիճակ ունենալու բերումով շրջակայ գիւղերէն այնտեղ հաստատուելու տրամադրութիւններու դրսեւորումներ: Տակաւի՛ն. լիբանանեան գիւղատնտեսական մարզի ապրած դժուարութիւններու ազդեցութիւններ, տեղական արտադրութիւնները շուկայականացնելու համար համարժէք օրէնքի բացակայութեան եւ խրախուսման քաղաքականութեան չգոյութեան առթած անպատեհութիւններ` մտահոգութիւններ կը յառաջացնեն ապագայի նկատմամբ: Չենք խօսիր տակաւին ճգնաժամի մէջ եղող Սուրիոյ անմիջական ազդեցութեան գործօնին մասին` տնտեսաքաղաքական մակարդակներու վրայ:

Վաքըֆի անշքացումին եւ Քեսապի ստացած հարուածներուն իրողութիւնները սկզբունքով կը շեշտեն համահայկական  հոգատարութեան լուսարձակներու կեդրոնացումը ո՛չ միայն վերապրած, այլ նաեւ զարգացող Այնճարին, հայկական սփիւռքի վերջին ամրաբերդին վրայ: Այնճար ամրաբերդը ինքնակազմակերպման  նորովի միջոցներով պիտի շարունակէ շողարձակներ ուղարկել սփիւռքի կազմակերպ կեանքի կառավարման լծուած տարբեր հաստատութիւններուն վրայ: Այդ առաջադրանքի իրականացման կը նպաստեն նաեւ այս իւրայատուկ միջավայրին ստեղծած կապերը հայրենիքին եւ անոր արցախեան բաժինին հետ:

Ամրաբերդը կանգուն պահելը համահայկական օրակարգին մաս կազմող առաջադրանք է:

«Ազդակ» Խմբագրական