13 Սեպտեմբերին ՀՅ Դաշնակցութեան Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէն հանդիպում ունեցած է Արցախի ժողովրդավարական Կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան ներկայացուցած է Դաշնակցութեան միասնական օրակարգի կէտերը:
ԱժԿ-ի պատուիրակութիւնը գլխաւորած ԱՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան յայտնած է, որ քննարկումներուն հետեւանքով ԱժԿ-ի համար Դաշնակցութեան առաջարկած օրակարգը ընդհանրութեան մէջ ընդունելի է:

Փոխըմբռնումի մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումին կողմերը համաձայնած են միասնական օրակարգի շուրջ քննարկումները հետագայում եւս շարունակել:

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը առիթ ունեցած են անդրադառնալու Արցախի մէջ օրեր առաջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն:
aparaj.am